ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

Մեր փորձաշրջանը. մաս Բ.

Դպրոցասէր վարժարանի 9-րդ դասարանի աշակերտները՝ իրենց փորձառութեան մասին. 18-էն 22 Մարտ.

Սիլվա Պաղտասարեան

Իմ փորձաշրջանս ըրի Institut Marie-Curie-ին LITO տարրալուծարանին մէջ։ Այս տարրալուծարանը հետազօտոթիւն կը կատարէ բժշկական նկարներու վրայ, որոնք մարդու մարմինի նկարներ են (scanner, IRM, échographie…)։

Երկուշաբթի, իմ պատասխանատուս ծանօթացուց անձնակազմին հետ եւ ինծի բացատրեց, թէ ինչի վրայ կ’աշխատին։

Շաբթուան միւս օրերը ինծի ցցուց թէ ի´նչ գործիքով կ’աշխատին (օրինակ ծրագրաւորման գործիք մը, logiciel, որ կը գործածեն քաղցկեղները քննելու համար) եւ ինծի գործ տուաւ։

Շատ սիրեցի այս փորձաշրջանը, որովհետև շատ հետաքրքրական էր։ Այս ձեռնարկութիւնը զատեցի, որովհետեւ ես կ’ուզեմ բժիշկ դառնալ։ Բայց կէտ մը չսիրեցի. մարդոց հետ յարաբերութիւն չկայ, որովհետև համակարգիչներու վրայ կ’աշխատին, մինչ ես աւելի կ’ուզեմ բանի մը մէջ աշխատիլ, որ մարդոց հետ յարաբերութիւն ունենամ։

27 Ապրիլ 2024

Նորվան Սարգիսեան

Air Liquide ընկերութիւնը կ’արտադրէ եւ կը ծախէ մոլեքիւլներ, որոնք կը գտնուին օդին մէջ: Այս մոլեքիւլները կա´մ կազի, կա´մ հեղուկ վիճակի մէջ են, այս պատճառով ընկերութեան անունը կոչուած է  Air Liquide, օդի կամ օդային հեղուկի ընկերութիւն:

Air Liquide-ը հիմնուած է 1902-ին Ֆրանսայի մէջ, Փօլ Տելորմի կողմԷ, շնորհիւ Ժորժ Գլոտի, որ ESPCL-ի (École supérieure de physique et de chimie industrielles- բնագիտական եւ քիմիագիտական արդիւնաբերութեան բարձրագոյն դպրոց) ուսանող էր եւ կ’աշխատէր օդը հեղուկացնելու հնարքի մը վրայ, որպէսզի իրարմէ բաժնէր կազերը՝ թթուածինը-oxygène, բորակածինը-azote եւ արկոնը։

Air Liquide ընկերութիւնը միջազգային համբաւ ունի եւ այսօր կը գտնուի 80 երկիրներու մէջ։ Ան ունի 4 միլիոն յաճախորդ, յատկապէս առողջապահական եւ արդիւնաբերական բնագաւառներու մէջ: Իր յաճախորդները մատակարարելու համար Air Liquide-ը այսօր ունի 70,000 պաշտօնեայ – գործաւոր: Հեղուկ օդ արտադրելու համար հիմնական ուղին ելեկտրականութիւնն է։ Air Liquide-ի նիւթական օժանդակութիւնը կ’ապահովուի անհատներու եւ բաժնետէրերու կողմէ, որոնք կը ստանան արտադրութեան շահի 25%-ը, որ տարեկան մօտաւորապէս 27 միլիոն եւրօ է, իսկ միջին ծախսը՝ 21,6 միլիոն եւրօ։

Air Liquide France Industrie ընկերութիւնը, ուր ես իմ մէկ շաբթուայ փորձաշրջանս կատարեցի, կը գտնուի Լիոն քաղաքի մօտ գտնուող Սեն-Պրիեստ քաղաքը:

Փորձի ընթացքին կը հետեւէի պատասխանատուիս ժամերուն։ Ներկայ գտնուեցայ 5 օր, ժամը 8:00-էն18:00:

Փորձաշրջանիս ընթացքը հետեւեալն էր. կը սկսէի կրաֆիկով, յետոյ պէտք է գրէի նկատումներս, հետեւէի այլազան բաժիններու գործընթացին, վերջացնելէ յետոյ պէտք է միանայի առեւտուրի պատասխանատուիս: Իւրաքանչիւր շրջան կը տեւէր մօտաւորապէս 3 ժամ: Կը գործածէի Air Liquide-ի յատուկ առողջապահական զգեստը, իսկ նկատումներուս համար՝ Air Liquide-ի ներքին կայքէջը: Փորձաշրջանիս սկիզբը շատ հարցումներ ուղղեցի աշխատողներուն Air Liquide-ի տարբեր ոլորտներուն եւ անոնց կազմակերպութեան մասին։ Սկիզբը բաւական դժուար էր հասկնալ գործընթացը: Գաղտնապահութեան համար արգիլուած էր լուսանկարել:

Ես յաջողեցայ հանդիպիլ պատասխանատու մարդոց, նիւթեր քննարկել անոնց հետ, բացայայտել ընկերութեան տարբեր բաժիններ, հասկնալ ընկերութեան գործունէութիւնը, ռիթմը, մեթոտներն ու աշխատանքային պայմանները։

Ինծի համար շատ օգտակար փորձաշրջան մըն էր ծանօթանալ մեծ ընկերութեան մը գործունէութեան:

11 Մայիս 2024

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *