Դպրոցասէր վարժարանի 9-րդ դասարանի աշակերտները Մարտ ամսու 18-էն 22 անցուցին իրենց կեանքի առաջին փորձաշրջանը։ Հետաքրքրական փորձառութիւն մը, որուն մասին գրեցին ահա։
ԾԻԾԵՌՆԱԿ
Էդուարդ Խաչատրեան
Այս շաբաթ (18-22 Մարտ) անցուցի իմ առաջին փորձաշրջանս։ Այն տեղի ունեցաւ դպրոցի մը մէջ։
Շատ լաւ էր, որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով աշակերտ ըլլալու փոխարէն ուսուցիչի նման էի։ Ես օգնեցի 2-րդ, 3-րդ, 4-րդ դասարաններու երեխաներուն։ Դիտեցի, յիշեցի շատ բաներ, որ սորված էի նախակրթարանի մէջ։ Նաեւ օգնեցի գրադարանը կարգի բերելու։
Ես կրցայ նոր լեզուներ սորվիլ, քանի որ լեզուներու շաբաթ էր։
Երեքշաբթի ուսուցիչները քիչ էին, ուրեմն ես տնօրէնին օգնեցի դասաւորելու մարզանքի պարագաները։ Հարցազրոյց կատարեցի 4-րդ դասարանի ուսուցչուհիին հետ իր աշխատանքին մասին։
Վերջին օրը աշակերտները տխուր էին, որ պիտի մեկնիմ։ Ես նոյնպէս տխուր էի։
7 Ապրիլ 2024
Նայիրի Շահինեան
Իմ փորձաշրջանս անցընելու համար գացի Allen & Overy իրաւաբանական գրասենեակը, Փարիզի 8-րդ թաղամաս։ Այս գրասենեակը անկլոսաքսոնական գրասենեակ մըն է, հիմնուած է Լոնտոն 1930-ին, իր ճիւղը ունեցած է Փարիզ 1989-ին։ Այս գրասենեակը Magic Circle-ին կը պատկանի, այսինքն՝ Եւրոպայի իրաւաբանական ամենամեծ գրասենեակն է:
Allen & Overy-ի փաստաբանները կ’աշխատին միջազգային իրաւունքներու շրջանակին մէջ պատժական, աշխատանքային, ընկերային եւ տնտեսական օրէնքներու շուրջ։
Այս շաբաթ ես տեսայ գործին օրէնքները, կարդացի դատավարութեան մը թղթածրարը եւ գործի պայմանագիր մը։ Սորվեցայ ստեղծագործական սեփականութեան իրաւունքը (ֆիլմերու, մակնիշներու հեղինակային իրաւունք)։
Եղայ արհեստագիտական բաժինը, It Tech, ուր որ ելեկտրական խնդիրները կը նորոգուին, եղայ սենեկային ծառայութեան բաժինը, Roomservice, օր մըն ալ անցուցի փաստաբաններուն ժամանակացոյցը կազմողներուն հետ, ressources humaines։
Հասկցայ, որ փաստաբան ըլլալու հանար պաքալորիայէն ետք 5 կամ 6 տարի ուսում պէտք է ընել, որմէ ետք մրցակցական քննութիւն տալ եւ յաջողիլ։
28 Ապրիլ 2024
Գլարա Տայեան
Փորձաշրջանիս ընթացքին դեղարանի մէջ աշխատեցայ։
Այն 2014-ին բացուած փոքր դեղատուն մըն է, բայց շատ դեղորայք ունի։
Այս օրերուն ես դեղորայքը շարեցի, պատուէրներ ստուգեցի, դեղերու գիներու պիտակները պատրաստեցի։
Շատ բաներ սորվացայ, բայց ես այս մասնագիտութիւնը չեմ ընտրեր։
28 Ապրիլ 2024