ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

Այցելութիւն Փարիզի Ռոտէնի թանգարանը. մաս Գ. եւ վերջ

Օկիւստ Ռոտէն

Անի Առաքելեան եւ Գարլա Քումրեան
19-րդ դարու ֆրանսացի նշանաւոր քանդակագործ Օկիւստ Ռոտէն ծնած է 12 Նոյեմբեր 1840-ին, Փարիզ եւ մահացած՝ 17 Նոյեմբեր 1917-ին։
Ան նկատուած է քանդակագործութեան հիմնադիր անձերէն մէկը։
Երբ մենք այցելեցինք Փարիզի իր թանգարանը շատ հետաքրքրական գտանք իր «Մայր եկեղեցի» (La cathédrale) գործը։
Ռոտէնի մարմարէ կառուցուած այս գործը կը ներկայացնէ միահիւսուած երկու հսկայական ձեռքեր։ Ան կը նմանի տաճարի մը, իր գմբէթով ու սիւներով, բայց անոնք ներկայացուած են ձեռքերով։ Երբ կը դիտես քանդակը, կը հիանաս։ Ան զօրաւոր տպաւորութիւն կը ձգէ մարդու վրայ, որ ներկայացուած է երկու պարզ ձեռքերու միջոցով։
Մայր եկեղեցի, La Cathédrale
Շատ խորհրդանշական գործ է։
Այդ քանդակը դիտելով, կարծես անդրադարձանք, որ յարաբերութեան մասին զգացում մը գոյութիւն ունի այդ գործին մէջ։
Ռոտէն զայն իրագործած է 1908-ին եւ ցուցադրուած է միայն այս թանգարանին մէջ։
7 Ապրիլ 2024 
Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *