ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

Այցելութիւն Փարիզի Ռոտէնի թանգարանը. մաս Բ.

Մտածողը
Մարիամ Ասուլեան
Մենք ճանապարհ ելանք դէպի Ռոտէնի թանգարանը, փափաքելով  ըմբոշխնել մեզ սպասող արուեստն ու պատմութիւնը: Հենց որ հասանք, մեզ դիմաւորեցին այգիներով շրջապատուած վեհաքանդակները։ Խաղաղ եւ հանդարտ մթնոլորտը մեզ պարուրեց, երբ մենք կը հիանայինք բացօթեայ աշխատանքներով:
Ներսը, մենք ապշած էինք Ռոտէնի խորհրդանշական քանդակներու հաւաքածուով։ Կը թուէր, թէ իւրաքանչիւր կտոր կը պատկերէր մարդկային զգացումներու բուն էութիւնը՝ մարմարի կամ պրոնզի մէջ սառած: Մենք սուզուեցանք գործերու մանրամասնութիւններու մէջ՝ քննարկելով անոնց նշանակութիւնն ու ազդեցութիւնը ժամանակակից արուեստի վրայ։
Այցի կարեւորագոյն իրադարձութիւնը մեր հանդիպումն էր Ռոտէնի անվիճելի գլուխգործոց «Մտածողը» արձանի հետ։ Այս խորհրդանշական քանդակին առջեւ մենք զգացինք մարդկային վիճակի եւ կեանքի բարդ իմաստի որոնումներու արտացոլանք։ Գեղարուեստական եւ մտաւոր հաղորդակցութեան այդ պահը հիացումով կիսեցինք Ռոտէնի հետ։
Թանգարանի մէջ ցուցադրուած արուեստի գործերուն ծանօթանալէ ետք, հակառակ անձրեւին վայելեցինք բացօթեայ քանդակներուն գեղեցկութիւնը։ Լաւ առիթ էր շունչ քաշելու եւ մեր տպաւորութիւնները քննարկելու:
Ի վերջոյ, ըսեմ, որ անմոռանալի փորձառութիւն էր մեր այցելութիւնը Ռոտէնի թանգարան, ուր արուեստը, ընկերութիւնը եւ մտորումները հիանալիօրէն միահիւսուած էին: Այս օրը Ռոտէնի ստեղծագործական հանճարն ու գեղեցկութիւնը գնահատելու առիթ մը եղաւ մեզի ու ասոր համար միշտ պիտի յիշենք։
3 Մարտ 2024
Հատուած «Դժոխքի դարպասը» քանդակագործութենէն
Կարօ եւ Մկօ Քէշիշեան
Փետրուարի 11-ին այցելեցինք խումբով մը Փարիզի Ռոտէն Թանգարանը:
Իր յայտնի գործերէն են Le Penseur (Մտածողը) եւ Le Baiser (Համբոյրը)։ Բայց մեզ ամենաշատը հետաքրքրեց «Դժոխքի դարպասը» իր մեծութեամբ, մանրամասն եւ իւրահատուկ աշխատանքով։
Դժողքի դարպասը հսկայ պրոնզէ դուռ է, որու բարձրութիւնն է մօտաւորապէս 6մ, լայնքը 4մ իսկ հաստութիւնը 1մ։
Ստեղծուած է ֆրանսացի քանդակագործ Օկիւստ Ռոտէնի կողմէ եւ իր ստեղծագործութեան վրայ կարելի է հիանալ իր բազմաթիւ մարդկային պատկերներով, որոնք կը ներկայացնեն յոյզեր, ինչպէս՝ յուսահատութիւն, տառապանք եւ սէր։ Իր ստեղծագործութիւնը կը շօշափէ նաեւ ծանր թեմաներ՝ օրինակ դժոխքը:
Դժոխքի դարպասը
Համբոյրը
17 Փետրուար 2024
Մարկօ Մարկոսեան
Այս անգամ, մեր սիրելի Օրիորդ Նորան մեզի առաջարկեց պտոյտի երթալ Ռոտէնի թանգարանը, մեր ալֆորվիլցի ընկերներուն հետ։
Այս պտոյտը առաջնորդեց Պարոն Խաչիկ Գազանը, որ մեզի շատ օգնեց հասկնալու թանգարանին ամէն մէկ գործին պատմութիւնն ու ստեղծագործութիւնը։
Բայց, Ռոտէնէն գործ մը զիս շատ հետաքրքրեց։ Այս գործին իրական եւ վերջնական տեսքը տեսնելէն առաջ, պարոն Խաչիկը մեզի ցոյց տուաւ ատոր կաղապարը, որ շատ աւելի պզտիկ էր իրականէն։ Այդ կաղապարը երրորդն էր, որ գաճով էր եղած մինչեւ իրականը շինէ անագապղինձէ (bronze)։ Այդ քանդակագործութիւնը կը կոչուի La porte de l’enfer, որ կը նշանակէ «Դժոխքին դուռը»։ Անոր բարձրութիւնը 6 մէթրէն աւելի է, ստեղծուած է 1880-1890 թուականներուն։ Բարձրութիւնն ու մանրամասնութիւները շատ զարմանալի եւ անհաւատալի տեսք կու տան ատոր։
8 Մարտ 2024  
Դժոխքի դարպաս-գաճէ կաղապար
Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *