ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

Աւագ Հինգշաբթի

Վերջին Ընթրիքը, Լէոնարտօ տա Վինչի- 1495-1498- Միլանօ, Սուրբ Մարիամ Աստուածածնայ տաճար
Դաւիթ Մարկոսեան
Դպրոցասէր վարժարան, 6-րդ դասարան

Վերջին Ընթրիքը - Ոտնլուայ

Աւագ շաբթուան Հինգշաբթի օրը Ոտնլուայ է։ Նոյն օրը տեղի ունեցաւ Վերջին Ընթրիքը։ Ուրբաթ՝ Յիսուս խաչուեցաւ եւ Կիրակի օրը Զատիկ կը կոչենք, քանի որ Յիսուս յարութիւն առաւ։
Վերջին Ընթրիքի ատեն Յիսուս հացը առաւ եւ ըսաւ. «Այս հացը կերէք, իմ մարմինս է, որ ձեզի համար պիտի մեռնի»։ Գինին առաւ եւ ըսաւ. «Խմեցէք այս գինին, իմ արիւնս է, որ ձեզի համար պիտի թափուի»։
Ան լուաց իր աշակերտներուն ոտքերը։ Ասիկա իր վերջին պատգամն է. ինչպէս ինք լուաց աշակերտներուն ոտքերը, այնպէս ալ անոնք պէտք է ծառայեն իրարու։
Դպրոցասէր վարժարան,
7-րդ դասարան

Այսպէս կը պատկերացնենք Ոտնլուան

Էտի Պաղտասարեան
Նարինէ Ապելեան
Հիւկօ Խանչարեան
Ռաֆայէլ Խանչարեան
Նշան Էրիցեան
Սոֆի Կրեկորով
Լուսիկ Եաքար
Հիւկօ Գարասօ
Գայանէ Յարութիւնեան
Գեղամ Գոյունճու,
6-րդ դասարան
Հինգշաբթի վարդապետը դպիրներուն ոտքերը կը լուայ։ Ամէն տարի եկեղեցի կ’երթամ, որ իմ ոտքերս ալ լուայ եւ վարդապետին հետ կ’աղօթենք։
Յիսուսի վերջին պատգամն է՝ իրարու սիրեցէք։ Յիսուս մեզի սորվեցուց զիրար սիրել եւ իրարու ծառայել։
Ես, հայրս, մայրս, քոյրս եւ եղբայրս կ’երթանք եկեղեցի։ Մեծ մայրս ալ կու գայ։
Ցոլին Ճինկօզ
Լենա Թելֆէեան
Մարտ 2024
Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *