Ծաղկազարդը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի մուտքը Երուսաղէմ, ուր զայն դիմաւորեցին ձիթենիի ճիւղերով։
Յիսուս իր աշակերտներէն աւանակ մը խնդրեց, որ Երուսաղէմ երթայ։ Յիսուս հասաւ բլուր մը, ուրկէ կը տեսնուէր գիւղ մը եւ տան մը առջեւ՝ աւանակ մը։ Ան իր երկու աշակերտները ղրկեց, որ աւանակը բերեն։ Բայց աւանակը շատ պզտիկ ըլլալուն, աշակերտները անոր կռնակին դրին իրենց հանդերձները, որ Յիսուս վրան նստի։
Երբ Երուսաղէմ հասան, մարդիկ զինք դիմաւորեցին ձեռքերուն մէջ ձիթենիի ճիւղեր շարժելով եւ պոռալով՝ Ովսաննա*, օրհնեալ է ան որ կու գայ Տիրոջ անունով։ Մարդիկ իրենց հագուստները հանեցին եւ փռեցին աւանակի ոտքերուն տակ ի նշան ուրախութեան եւ ի պատիւ Յիսուսի։
One Response
Bravo à tous les élèves. 👏👏🥰