1804-ին Ֆրանսայի ծերակոյտին որոշումով կայսրութիւն կը հռչակուի ու Պոնափարթ կը դառնայ ֆրանսացիներու կայսր Նափոլէոն Ա. անունով։ 2 Դեկտեմբեր 1804-ին ինքզինք կը թագադրէ Փարիզի Աստուածամօր տաճարին մէջ, Պիոս Է. պապին ներկայութեամբ։
1805-ին Նափոլէոն Ա. կայսրը Իտալիան թագաւորութիւն կը հռչակէ ու ինք կը դառնայ Իտալիոյ թագաւոր։ Կ’ուզէ իշխել ամբողջ Եւրոպային, պատերազմներ կ’ընէ, յաղթանակներ կը տանի 1805-ին աւստրիացիներու եւ ռուսերու դէմ՝ Օսթերլիցի ճակատամարտին, 1806-ին Բրուսիայի դէմ՝ Իենայի ճակատամարտին, 1809-ին աւստրիացիներու դէմ՝ Վակրամի ճակատամարտին։ Եղբայրներուն կը յանձնէ իր դաշնակից երկիրներու իշխանութիւնը. Ժոզէֆ Պոնափարթ կը թագաւորէ Նափոլիի, ապա Սպանիոյ, Լուի Պոնափարթ՝ Հոլանտայի, Ժերոմ Պոնափարթ՝ Ուեսթֆալիայի։