31 Հոկտեմբեր 2023-ին պտոյտ մը կազմակերպուեցաւ հայերէն դասերու հետեւող տարբեր աշակերտներու հետ, դէպի Մոնմարթր, Փարիզ։
Այդ հաճելի պտոյտի ատեն, յայտնաբերեցինք այդ թաղամասի մշակոյթը եւ կարեւոր մարդիկ, որոնք հոն ապրած ու գործած են (Տալիտա, Մոնէ, Ռընուար…)։
Այն ատեն, այցելեցինք նաեւ Սալվատոր Տալիի թանգարանը եւ առիթը ունեցանք իրմէ կարեւոր աշխատանքներ դիտելու, ինչպէս
«persistance de la mémoire» («Յիշողութեան տեւականութիւնը») նկարը, որուն մասին կ’ուզեմ քանի մը բան ըսել։
«Յիշողութեան տեւականութիւնը» գերիրապաշտ նկար է, որ նկարած է Ս. Տալի 1931 թուականին: Այս նկարին վրայ Տալի ցոյց կու տայ իր զայրոյթը ժամանակի ընթացքին նկատմամբ, հալչող ժամացոյցներով: Այս կակուղ ժամացոյցները ժամանակի ընթացքի փոխաբերական ներկայացումն են: Իսկապէս, Տալի կը փորձէ ընդգծել այն փաստը, որ ժամանակը միշտ կ’անցնի եւ մարդուն համար անկարելի է անոր հակադրուիլ։ Ժամացոյցները հալեցնելու գաղափարը իր մօտ ծագած է այն ժամանակ, երբ Տալի իր կնոջ կը սպասէր ընթրիքի ու կը տեսնէր, թէ ինչպէս քամամպեր պանիրը կը հալի:
Աւելին, նկարի ձախ կողմին գտնուող մահացած ծառ մը կ’ընդգծէ այն միտքը, որ մենք չենք կրնար պայքարիլ ժամանակի դէմ, քանի որ անոր հոսքը դէպի մահ անխուսափելի է։ Նկարի բնապատկերը Տալիի յիշողութենէն կու գայ, որ կը բացատրէ գործին վերնագիրը։ Ան կը փորձէ սառեցնել ժամանակը, գործածելով յիշողութիւնը եւ այդպիսով հակազդել այն խնդրին, թէ ժամանակը անխուսափելիօրէն կ’անցնի, առանց կրկին զայն վերագտնելու: