Բոյսերը ինքնամատակարար* (autotrophe) եւ լուսահամադրող** (photosynthétique) մարմիններ են, որոնք կը յատկանշուին բուսական բջիջներով։
Աշխարհի մէջ կան մեզի ծանօթ մօտ 400 000 տարբեր բուսատեսակներ, որոնց մեծամասնութիւնը ծաղիկներ են։ Գիտնանք, որ ամէն տարի կը յայտնաբերուին աւելի քան 2000 տարբեր տեսակներ։ 20-րդ դարու սկիզբէն մինչեւ հիմա անհետացած են 3 բուսատեսակներ, որոնք զոհ գացած են անտառահատումներու։
5 բոյսէն մէկը վտանգուած է։
* Իր աճման եւ զարգացման համար անհրաժեշտ օրկանական նիւթերը համադրող մարմին։ (Ծ.)
** Լոյսի կենսուժի փոխակերպումը քիմիական կենսուժի։ (Ծ.)