Համաշխարհային Բ. պատերազմին, ֆրանսական ընդդիմադիր խմբաւորման ղեկավար Միսաք Մանուշեան իր գաղափարակիցներուն հետ գնդակահարուեցաւ 21 Փետրուար 1944ին գերմանացիներուն կողմէ։
Ութսուն տարի ետք, նոյն օրը, Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեան ամոլին աճիւնը կը փոխադրուի Փարիզի պանթէոնը։ Իր ազատութեան համար զոհուած հերոսներուն հանդէպ Ֆրանսայի կառավարութեան կողմէ յարգանքի գերագոյն նշանն է այս։
Դպրոցասէր վարժարանի 9-րդ դասարանի աշակերտներն ալ իրենց յարգանքի տուրքը կու տան հայ հերոսին։
ԾԻԾԵՌՆԱԿ
Միսաք Մանուշեանի վերջին նամակը իր կնոջ՝ Մելինէին
21 Փետրուար 1944, Ֆռէն
Իմ սիրելի Մելինէ, իմ շատ սիրելի որբուկս…
Մի քանի ժամէն ա´լ այս աշխարհէն չեմ ըլլար։ Այս յետմիջօրէի ժամը 3-ին պիտի գնդակահարուինք։ Կարծես կեանքիս մէջ արկած մը կը պատահի, որուն չեմ հաւատար, բայց եւ այնպէս գիտեմ, որ այլեւս երբե´ք քեզ պիտի չտեսնեմ։
Ի՞նչ գրեմ. մտքիս մէջ ամէն ինչ անորոշ է, բայց միեւնոյն ժամանակ՝ շատ յստակ։ Իբրեւ կամաւոր զինուոր ընդգրկուեցայ Ազատագրութեան Բանակին մէջ, ու կը մեռնիմ ահա, այդքան մօտեցած Յաղթանակին ու նպատակին։
Երջանկութի´ւն անոնց, որոնք մեզմէ ետք պիտի ապրին եւ պիտի վայելեն վաղուայ խաղաղութեան ու ազատութեան քաղցրութիւնը։
Վստահ եմ, որ ֆրանսացի ժողովուրդը եւ ազատութեան համար բոլոր պայքարողները պիտի պատուեն մեր յիշատակը արժանավայել կերպով։ Ահաւասիկ, մեռնելու պահուս կը յայտարարեմ, որ ես ոչ մէկ ատելութիւն ունիմ գերմանացի ժողովուրդին նկատմամբ եւ ընդհանրապէս՝ ոեւէ մէկու դէմ։ Իւրաքանչիւրը կը ստանայ իր արժանի պատիժը կամ վարձատրութիւնը։
Պատերազմէն ետք, որ շուտով վերջ պիտի գտնէ, գերմանացիք եւ բոլոր ժողովուրդները իրարու հետ պիտի ապրին եղբայրաբար, խաղաղութեան մէջ։ Երջանկութի´ւն բոլորին։
Խորապէս կը ցաւիմ, որ չկարողացայ քեզ երջանկացնել։ Շատ կ’ուզէի քեզմէ զաւակ մը ունեցած ըլլալ, ինչ որ դուն միշտ կը ցանկանայիր։ Կը խնդրեմ, որ պատերազմէն ետք անպայման ամուսնանաս եւ իմ յիշատակս յարգելու ու վերջին կամքս կատարելու համար զաւակ մը ունենաս։ Ամուսնացի´ր մէկու մը հետ, որ կարող է քեզ երջանկացնել։
Ունեցածներս ամբողջութեամբ կը կտակեմ քեզի, քրոջդ ու եղբօրորդիներուս։ Պատերազմէն ետք կրնաս պատերազմական թոշակի իրաւունք ունենալ իբրեւ կինս, որովհետեւ ես կը մեռնիմ իբր Ֆրանսայի Ազատագրութեան Բանակի կանոնաւոր զինուոր։
Զիս պատուել փափաքող բարեկամներուս օգնութեամբ հրատարակել տուր կարդացուելու արժանի բանաստեղծութիւններս եւ գրութիւններս։ Իսկ եթէ հնարաւոր ըլլայ, յիշատակներս Հայաստան տար, իմ ազգականներուս։
Քիչ ետք, իմ 23 ընկերներուս հետ պիտի մեռնիմ՝ քաջութեամբ եւ խիղճը հանգիստ մարդու անդորրութեամբ, որովհետեւ ես ոչ ոքի վնաս հասցուցած եմ. իսկ եթէ ըրած եմ նման բան, ըրած եմ առանց ատելութեան։ Արեւոտ է այսօր։ Ես քեզ սիրեցի նայելով արեւուն եւ գեղեցիկ բնութեան։ Նոյն ձեւով հրաժեշտ պիտի առնեմ կեանքէն եւ ձեր բոլորէն, իմ շատ սիրելի կինս ու բարեկամներս։ Կը ներեմ բոլորին, որոնք ինծի վնաս հասցուցած են կամ ցանկացեր են երբեւէ հասցնել, բայց չեմ ներեր անոր, որ մեզ դաւաճանեց իր մորթը փրկելու համար, ոչ ալ անոնց՝ որոնք մեզ ծախեցին։
Ուժգին կը համբուրեմ քեզ, քոյրդ եւ հեռուէն կամ մօտէն զիս ճանչցող բոլոր բարեկամները։ Կուրծքիս կը սեղմեմ բոլորդ։ Մնա´ք բարով։
Բարեկամդ, ընկերդ, ամուսինդ՝
Մանուշեան Միսաք
Ֆրանսերէնէ թարգմանութիւն՝
Նորա Պարութճեան