Կալան ծնած է Էլէնա Իվանովնա Տիակոնովա անունով, 7 Սեպտեմբեր 1894 թուականին՝ Ռուսաստան, եւ մեռած է 10 Յունիս 1982 թուականին՝ Սպանիա, պալատի մը մէջ, որ իրեն նուիրած էր Տալի։
Կալան չէր ճանչցուած մինչեւ իր ամուսնութիւնը Փոլ Էլուարին հետ, որ 20-րդ դարու ֆրանսացի հռչակաւոր բանաստեղծ մըն է։
Ամուսնութենէն քիչ անց, 1929 թուականին, Կալան իր ամուսինին հետ կ’երթայ Սպանիա։ Այնտեղ կը ծանօթանայ Սալվատոր Տալիին. անոնք առաջին նայուածքով կը սիրահարուին: Կալան կը բաժնուի իր ամուսինէն եւ կ’ամուսնանայ Տալիին հետ։
Տալիին համար Կալային հետ ծանօթութիւնը ճակատագրական եղաւ։ Ան մինչեւ իր մահը դարձաւ Տալվատոր Տալիին ներշնչման աղբիւրը։