Հին դարերուն հեթանոսները կ’երթային իրենց տաճարները, որպէսզի աղօթեն աստուածներու։ Աստուածներու հայրն էր Արամազդը։ Անոր տօնը Դեկտեմբեր 25-ին էր։ Արամազդը կը կոչուէր երկինքի եւ երկրի արարիչ, աստուածներու հայր, ճառագայթող լոյսի, համաշխարհային անուանումով՝ արեւու աստուած։ Անոր կը զոհաբերէին ցուլ, ձի։