Ալէք Տեկիրմենթաշ
Դպրոցասէր վարժարան, 7-րդ դասարան
Աշխարհահռչակ իտալացի հանճարը
(1452-1519)
Լէոնարտօ Տա Վինչին իտալացի արուեստագէտ է՝ նկարիչ, քանդակագործ, երաժիշտ, եւ գիտնական, ճարտարապետ, ճարտարագէտ։ Ծնած է Թոսքան, Իտալիա։
Լէոնարտօն նկարել եւ քանդակել սկսած է Ֆլորանս, արհեստանոցի մը մէջ։ Շինած է կամուրջներ դիւրին ճամբորդելու համար, սանդուխներ՝ մագլցելու համար, պատերազմական զէնքեր եւ գործիքներ, շաղախներ՝ կարկուտի պէս ռումբ նետելու համար, պատերազմական կառքեր մանգաղով զինուած, կօշիկներ ջուրի մէջ հագնելու համար, թռչող մեքենայ, սուզանաւ։ Ճարտարագէտի իր տաղանդը դրած է իշխաններու ծառայութեան տակ։
1495-էն 1498 Միլան գացած է Santa Maria delle Grazie տաճարի պատին նկարելու իր յայտնի «Յիսուսի վերջին ընթրիքը իր աշակերտներուն հետ» որմնանկարը։ 1505-ին Տա Վինչին ստեղծած է այսօրուան ամենահռչակաւոր նկարը՝ «Ժոգոնտ»ը։
1515-ին Ֆրանսայի թագաւոր Ֆրանսուա Ա. զինք հրաւիրած է իր պալատը, ուր մնացած եւ ստեղծագործած է մինչեւ մահ։
28 Սեպտեմբեր 2023
Խաղ. Լէոնարտօ Տա Վինչի
Լէոնարտօ Տա Վինչիի մասին վերի հատուածէն կարգ մը բառեր խառն գիրերով տրուած են այստեղ։ Գտիր բառը։
կ – ու ա – մ – ե – ր – ն – ջ – ր
մ – գ – ց – ա – լ – ե – ու – լ ս – ն – ա – դ – խ – ու
շ – խ – ղ – ա – ա
կ – ռ – ա – ք
զ – ն – է – ք
ճ – ու – թ – ա – ա – տ – պ – ր – տ – ե – ի – ն – ւ – ր – ա
ե – ու – ւ – ա – ժ – տ – շ – ի – թ – ր – ն
ք – կ – ա – ա – դ – ն
ն – ն – չ – ա – կ – ր – թ – ի – ու – ւ
ջ – ի – ու – ր կ – ն – շ – օ – ր – կ – ի – ե
թ – ո – ղ – չ – ռ մ – ա – ե – ք – յ – ն – ե
ս – ն – ւ – ու – ա – զ – ա