Լուսիկ Եաքար
Դպրոցասէր վարժարան, 7-րդ դասարան
«Ուրբաթ կամ վայրի բնութիւն»
Հեղինակ՝ Միշէլ Թուրնիէ
«Ուրբաթ կամ վայրի բնութիւն»ը գիրք է, ուր կայ Ռոպինսոն անունով անձ մը, որ իր անձնակազմին հետ Վիրժինի նաւուն վրայ են Չիլի մեկնելու համար։
Դժբախտաբար փոթորիկ կ’ըլլայ։ Ռոպինսոն եւ իր շունը միակ վերապրողները կը մնան։ Անոնք ամայի կղզի մը կ’ելլեն, որուն անունը Էսբերանսա է։ Այնտեղ կը մնան։
Օր մը Ռոպինսոն կը տեսնէ մարդ մը, որ կը հալածուի հնդիկներու խումբի մը կողմէ։ Ռոպինսոն առանց դիտմամբ ընելու կը կրակէ ատրճանակով, մէկը կը մեռնի եւ հնդիկները կը փախին։ Հալածուած հնդիկը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Ռոպինսոնին։ Ռոպինսոն անոր անուն կու տայ. ան այլեւս կը կոչուի Ուրբաթ։ Ուրբաթ Ռոպինսոնին գերին կ’ըլլայ։
Տարիներ կ’անցնին, Ռոպինսոն կը սկսի ծերանալ, նոյնպէս իր շունը՝ Թենը, որ այլեւս ճարպիկ չէ եւ շատ կը քնանայ։ Ուրբաթ ալ կը խաղայ փոքրիկ այծի մը հետ, որ իր երեխային պէս կը մեծցնէ։
Տարիներ կ’անցնին։ Նաւ մը, Ուայթպըրտ անունով, կը հասնի այդ կղզին եւ կ’ուզէ ազատել Ռոպինսոնը եւ Ուրբաթը։ Ռոպինսոն կը հարցնէ նաւապետին, թէ ո՞ր տարին են։ Երբ նաւապետը կը պատասխանէ, Ռոպինսոն կը հասկնայ, որ շատոնցէ այդ կղզիին վրան է ինք։ Չ’ուզեր երթալ, կ’իջնէ նաւէն, բայց Ուրբաթ կը մնայ նաւուն մէջ եւ անոնց հետ կ’երթայ։
Ռոպինսոն կը մնայ առանձին։ Յանկարծ կը տեսնէ պզտիկ նաւաստի մը, որ իջած է նաւէն։ Նաւաստիին անունը Ժան է, բայց Ռոպինսոն զայն կ’անուանէ Կիրակի։
Խաղ. «Ուրբաթ կամ վայրի բնութիւն»
Գիրքէն առնուած հետեւեալ բառերը գտիր տուփիկներուն մէջ.
ճարպիկ – նաւ – բնութիւն – կիրակի – կրակ – ռոպինսոն – ուրբաթ – ժան – թեն – այծ -կղզի
17 Հոկտեմբեր 2023