Դպրոցասէր վարժարան,
9-րդ դասարան
Նորվան Սարգիսեան
Լուսանկարները՝ Լիտիա Գասպարեանի
ԿՈՒԱԹԵՄԱԼԱ
Կուաթեմալան Կեդրոնական Ամերիկայի երկիրներէն մէկն է։ Մայրաքաղաքը կը կոչուի Կուաթեմալա Սիթի։
Կուաթեմալայի մէջ հանդիպեցայ երկու հայերու, որոնք հոն ապրող միակ հայերն են։ Առաջինը կը կոչուի Սամուէլ Պէրպէրեան, աւետարանական է եւ դպրոցի տնօրէն է (ոչ հայկական)։ Շատ ազնիւ մարդ է, որ հայերէն կը խօսի, ինչպէս նաեւ տարբեր լեզուներ։ Երկրորդ անձը կը կոչուի Ալեքսի Գայայեան. մեծահարուստ մարդ, որ վաճառականութիւն կ’ընէ Չինաստանի հետ։
Կուաթեմալան լեռնային երկիր է։ Հրաբուխի շատ կեդրոններ կան։ Կուաթեմալայի ժողովուրդը կը խօսի սպաներէն։ Իրենց ծագումը մայա ցեղէն է։ Հնագիտական հարուստ շրջաններ ունի, ուր տեղի կ’ունենան պեղումներ։ 14-րդ դարուն սպանացիները հասեր են Կուաթեմալա։ Տեղացի ժողովուրդը քրիստոնեայ դարձեր է, բայց պահպանած են մայայի աւանդոյթները։ Բնիկները կը հագնին իրենց աւանդական զգեստները եւ կը խօսին իրենց բուն լեզուն։
4 Հոկտեմբեր 2023
Լիլա Գըրըքճեան
Ամառուան արձակուրդս
Առաջին 2 շաբաթները մայրիկիս տունը մնացի եւ իմ երկու կատուներուս հետ խաղացի, գիրք մը կարդացի, դուրս՝ պարտէզ այցելեցի եւ գծեցի։
Երրորդ շաբաթը հայրիկիս տունը գացի եւ ամէն օր հեծանիւ քշեցի, ճաշ եփեցի եւ մէկ գիրք կարդացի։ Հինգերորդ շաբաթը մայրիկիս տունը վերադարձայ։ Մօրս օգնեցի, ճաշ եփեցի եւ իմ սենեակս շտկեցի։ Ութերորդ շաբաթը հայրիկիս հետ մեծ մայրիկիս տունը գացի եւ ինծի սորվեցուց կարել։
Մեծ մայրիկս պատմեց մեծ հայրիկիս՝ Ռուբէնի երիտասարդութեան մասին…։ Երբ 2-3 տարեկան էր, ան Ֆրանսա՝ Մարսիլիա հասեր է իր ընտանիքին հետ, որովհետեւ ցեղասպանութիւն կար եւ իր ընտանիքը փախստական էր։ Յետոյ, դպրոց գացեր է եւ մեծնալէն ետք բանակ մտեր է։ Պատերազմէն յետոյ իմ մեծ մայրիկիս հետ ամուսնացեր է եւ երկու տղայ ունեցեր է:
Յետոյ վերադարձայ մայրիկիս տունը եւ դպրոցի համար պատրաստուեցայ։
25 Սեպտեմբեր 2023