Ամառը, 29 Յուլիսին, նախկին դպրոցասէրցիներու հետ այցելեցինք Փարիզի արդի արուեստի թանգարանը։ Մեզի միացան Ալֆորվիլէն հայ աշակերտներ իրենց ուսուցչուհի՝ տիկին Սեւան Նազարեանին հետ։
Ստորեւ կարգ մը պատանիներու խօսքը։
ԾԻԾԵՌՆԱԿ
Մարիամ Ասուլեան
Փարիզեան պտոյտ՝ արդի արուեստի թանգարան
Մենք՝ Նախկին դպրոցասէրցիներս, 29 Յուլիսին առիթ ունեցանք հանդիպելու, որպէսզի այցելենք Փարիզի արդի արուեստի թանգարանը (le musée d’art moderne)։ Մեզի միացաւ նոր խումբ մը՝ Ալֆորվիլէն, որ ուրիշ դպրոցէ էր։ Այդ աշակերտներուն հետ էր իրենց ուսուցչուհին։ Շատ բարեհամբոյր եւ հաճելի անձնաւորութիւններ էին։
Մենք պայմանաւորուած էինք հանդիպելու մեթրոյի քով։ Երբ բոլորս նեկայ գտնուեցաք, ճամբայ ելանք դէպի թանգարան։ Երբ որ ներս մտանք, առաջին նկարը որ տեսայ զիս շատ տպաւորեց, որովհետեւ շատ իւրայատուկ ձեւով էր նկարուած. այս պատկերին մէջ ամբողջութեամբ Էյֆելեան աշտարակն էր։ Բայց երբ հեռացայ պաստառէն, նկատեցի մէկ այլ երեսակ, որ թաքնուած էր: Ես տեսայ ոչ միայն Էյֆելեան աշտարակը, այլեւ ուրիշ բաներ։ Շարունակելով մեր պտոյտը միւս սրահներուն մէջ սքանչելի արձաններ տեսանք։
Ես տեսայ շատ փոքր գործ, որ զիս կը կանչէր, ուստի գացի աւելի մօտիկէն տեսնելու։ Ուղղակի հոյակապ էր: Ստեղծագործութիւն մըն էր, որ ինծի թոյլ տուաւ աւելի լաւ հասկանալու արուեստը:
Դիտելու համար մեզի պէտք էր առնուազն 3 ժամ, քանի որ հեռուէն ինծի կը թուէր, որ տեսակ մը ովկիանոս էր, բայց երբ մօտեցայ, մանրամասնութիւններ յայտնաբերեցի: Շատ բան տեսայ՝ գիւղեր, ճանապարհներ, արահետներ, մարդիկ, անտառներ…։ Հսկիչ տիկիններէն մէկը տեսաւ մեզ, որ մոլորուած էինք եւ ցանկացաւ օգտակար դառնալ։ Մեզի բացատրեց նկարիչին նկարած թաքնուն մասերը։
Մենք մօտաւորապէս 3 ժամ մնացինք այնտեղ, յետոյ դուրս եկանք պաղպաղակ ուտելու։ Ատկէ ետք բոլորս որոշեցինք տուն դառնալ, որովհետև անձրեւ պիտի գար։ Այսպէս, հիանալի օր մը անցուցինք մենք, յատկապէս ես։ Շատ ուրախ օր էր ինծի համար։
23 Օգոստոս 2023
Մկրտիչ եւ Կարապետ Քէշիշեան
Արտաշնչում, Մարի Պուրժէ
Մարի Պուրժէն (Marie Bourget) միշտ փորձած է աշխարհը մեզի ներկայացնել տարբեր տեսանկիւնէ։ Կը հետաքրքրուի այն միտքերով, որոնք կ’ազդեն մեր տեսողական ըմբռնումին վրայ։ Օգտագործելով պարզ առարկաներ, օրինակ փայտ, ապակի եւ թուղթ, կը ստեղծէ նոր աշխարհ մը, խաղաղութեան ապաւէն մը։
ՙLes Souffles՚ խորագիրով նկարներու հաւաքածոն կը ներկայացնէ մանկական կերպարներ կլորիկ այտերով: Անոնք կը փչեն գունաւոր քամիներ, որոնք կը յիշեցնեն քամիի չաստուածը, Էօլ։ Կարելի է նշել նաեւ, որ քամիի բաց գոյները կը վկայեն Պուրժէի մանկական յիշողութիւններու մասին։
Ահաւասիկ օրինակ մը՝
7 Օգոստոս 2023
Մարկօ Մարկոսեան
Դանիէլ Պիւրէն
Այս նկարչութիւնը տեսնելով գարնանային զգացումի մէջ կ’իյնամ։ Նայելով գոյներուն, նկարի ձեւին, կը զգամ կարծես, որ պարտեզի մը մէջ եմ, լեցուն ծաղիկներով եւ մեղմ քամիով, բայց ոչ զօրաւոր քամի, այլ իրական օդ։ Այդ օդը զոր շնչելով կը զգաս ազատ։
Բայց երբ ուրիշ աչքով կը նայիմ նկարչութեան, կը տեսնեմ ճշգրիտ եւ լուրջ նկար մը, ճերմակ գիծերով, կարծես թէ վար կ’իյնայ նկարը։ Կամ ալ կարծես հոսող ջուր ըլլայ։
Այդ նկարը շատ հաճելի է նայելու համար, որովհետեւ ձանձրալի չէ դիտողին համար, մանաւանդ երբ տարբեր անկիւններէ կը դիտէ։
21 Սեպտեմբեր 2023