10 Յունիսի յետմիջօրէին, նախկին դպրոցասէրցիներու խմբակ մը հաւաքուեցաւ դպրոցի շրջաբակին մէջ, միտքեր փոխանակելու պատանիները յուզող կարեւոր նիւթի մը մասին. ինչպիսի՞ ազդեցութիւն ունի ուրիշին կամ միւսին նայուածքը մեր վրայ։
Ստորեւ, անոնցմէ երկուքին գրաւոր խոհերը։
Ծիծեռնակ
Գլարա Եարանուշ
Միւսները տարբեր են ուրիշներէն։ Մինչ միւսները կարեւոր մարդիկ են մեզի համար, ուրիշները շատ մօտ չեն մեզի։ Միւսներուն հետ կը խորհրդակցինք եւ կը վստահինք իրարու։
Միւսներուն նայուածքը հիմնական նշանակութիւն ունի մեզի համար, որովհետեւ հարազատ մարդիկ են։ Երբ որ բան մը կ’ըսեն մեզի, մտիկ կ’ընենք իրենց եւ կը փորձենք որ մեզ հաւնին։ Մենք կը սպասենք միւսներուն եւ ուրիշներուն կարծիքը: Անոնց միջոցով կրնանք հասկնալ մեր սխալները եւ զանոնք սրբագրել։ Ատոր համար, մեր դիմացը կ’ուզենք մարդիկ, որոնց կը սիրենք, կը յարգենք, որոնք պայծառ միտք ունին եւ կ’օգնեն, որ յառաջանանք։ Բայց մենք ալ պէտք է նոյնը ընենք։
Վերջապէս, միւսներուն հետ կը մեծնանք եւ կը հասկնանք մեր չափը։ Իրենց հետ նոր բաներ կը սորվինք եւ միասին կը զարգանանք։
Սոֆի Եղիազարեան
Մենք այսօր ուսումնասիրեցինք հասարակութեան կարծիքը մարդոց մասին: Խօսակցութեան ընթացքին հասկցանք, որ հասարակութեան կարծիքը մեր վրայ կրնայ ունենալ դրական կամ բացասական ազդեցութիւն:
Կան մարդիկ, որոնք հաշուի կ’առնեն հասարակութեան կարծիքը, ուրիշներ՝ ոչ։
Այդ ամէնը աւելի լաւ հասկնալու համար հարկաւոր է նայիլ հայելիին եւ հասկնալ թէ ինչպէ՞ս մարդիկ կը տեսնեն քեզ: Ուրիշը իմ մասիս իր անձնական կարծիքը կրնայ կազմել դատելով միայն իմ արտաքինէս: Բայց մենք հայելիի մէջ անկեղծօրէն կը տեսնենք մեր անհատականութեան արտացոլումը, ինչպէս որ ենք իրականութեան մէջ։ Նոյնիսկ հակառակ ուրիշներու կարծիքին, չենք կրնար մենք մեզի ստել, թէ ո՜վ ենք մենք եւ ինչ կը տեսնենք հայելիին մէջ։
Ընդհանրապէս, մարդոց համար կարեւոր է ուրիշներու կարծիքի հաստատումը, որպէսզի կարողանան առաջ երթալ եւ ապրիլ իրենք զիրենք կատարելագործելով:
Մենք ուսումնասիրեցինք, թէ ինչպէ՞ս կրնանք չդառնալ հասարակութեան կարծիքի գերին, բայց անոր հետ մէկտեղ չենք կրնար արհամարել զայն:
Իմ անձնական կարծիքով, հաստատամիտ եւ ինքնավստահ մարդիկ երբեք չեն իյնար հասարակութեան կարծիքի ազդեցութեան տակ:
Մենք կրնանք շեշտել ՙուրիշ՚ի եւ ՙմիւս՚ի միջեւ եղած տարբերութիւնը:
ա. Ուրիշը այն անձն է, որ պարզապէս մեզի ծանօթ է, անձ մը որուն իսկապէս մտերիմ չենք։ Անոր հետ կրնանք միտքեր փոխանակել առանց մտերմութիւն հաստատելու։
բ. Միւսը այն անձն է, որ մեզի հարազատ ու մտերիմ է։ Կրնայ ըլլալ մեր ընկերը կամ ընտանիքը։ Այն անձը որուն հետ մենք ժամանակ կ’անցընենք յաճախ, թերեւս ամեն օր։
Շրջապատի մարդիկ կրնան տարբեր ազդեցութիւն ունենալ մեր վրայ։ Ասիկա կախում ունի մեզի հանդէպ անոնց դիրքէն (հարազատ, բարեկամ, անծանօթ)։
Ես կը փափաքէի այս նիւթին վերաբերեալ տալ իմ անձնական կարծիքս։ Իւրաքանչիւր ոք պէտք է իր մասին դրական ընկալում ունենայ եւ, ի հարկին, տարբերի ուրիշներու իր մասին ունեցած կարծիքէն։ Մենք պէտք է իմանանք ինչպէ՞ս գնահատել մենք մեզ, մեր իրական արժէքը, միաժամանակ սորվելով ընդունիլ մեզ ինչպէս որ ենք։ Կը կարծեմ, որ մեր մասին մեր ունեցած կարծիքը եւ գնահատանքը (ինչպէս որ մենք մեզ կը տեսնենք եւ կը գնահատենք) կ’ունենայ մեծ ազդեցութիւն շրջապատին մեզի հանդէպ ունեցած նայուածքին վրայ։
Շրջապատը կը տպաւորուի եւ կ’ազդուի ինքնավստահ մարդէն։
14 Յունիս 2023