Դպրոցասէր վարժարան, 8-րդ դասարան
Բանաւորն ու գրաւորը՝ լրացուցիչ արժէքներ
Էտկար Վարդազարեան
Բանաւոր լեզուն կը գործածենք մարդոց հետ խօսելու, անոնց մտիկ ընելու, մեր զգացումները արտայայտելու համար։
Բայց բանաւոր ըսուած խօսքը ժամանակի ընթացքին կրնայ մոռցուիլ։ Գրաւոր լեզուն կը ծառայէ գիրքեր եւ պատմութիւն գրելու համար։ Հին գիրքերու շնորհիւ մենք հասկցանք, որ եղած են կայսրութիւններ եւ թագաւորութիւններ։ Գրուածը երբեք չի մոռցուիր, չի ջնջուիր։
Գրելով կ’արտայայտուին նաեւ այն մարդիկ, որոնք կարելիութիւն չունին ուղղակիօրէն խօսելու։
Գայանէ Ֆորէլ
Բանաւոր լեզուն անհրաժեշտ է մեր ընկերային յարաբերութիւններուն մէջ։ Ընդհանուր չարիքի մը դէմ դնելու համար կ’օգնէ, որ հաւաքուինք, ուժ դառնանք։
Եթէ ընկերդ ջղայնացած է քեզի դէմ, հետը խօսելով կրնաք հասկցուիլ, բացատրել պատահածը։
Բանաւոր լեզուն կ’օգնէ, որ հաշտուինք, մեր զգացումները բացատրենք։ Օրինակ՝ երբ շատ տխուր ենք, կամ խնդիր մը ունինք, հոգեբանի քով կ’երթանք, որ խօսինք եւ խօսիլը մեզի կ’օգնէ։
Առանց լեզուի եւ առանց ձայնի չենք կրնար խօսիլ։ Խօսելու ատեն մեր զգացումները կը յայտնուին։
Իսկ գրաւոր լեզուն կարեւոր է, քանի որ առիթ կու տայ մեզի, որ մօտենանք անցեալի մարդոց գրածներուն եւ պատմածներուն։
Գրելու պատճառներէն մէկն ալ հետեւեալն է. կը գրենք, որ չմոռնանք։ Եւ գրուած բանը անփոփոխ է։ Օրինակ՝ հին դարերու մարդիկ իրենց պատմութիւնները գրած են ժայռերու վրայ։ Պատմաբանները գտան այդ գրուածը եւ ատոր շնորհիւ մենք կը սորվինք Պատմութիւն։
Գիրերը պէտք է սորվինք, որովհետեւ ամէն կողմ գիր կայ։ Օրինակ՝ երբ ուտելիք կը գնես, վրան գրուած է թէ ինչէ պատրաստուած է։ Պէտք է կարդանք, որ սխալ բան չուտենք։
Ուրիշ օրինակ մը տամ։ Երբ պզտիկ էինք եւ մէկը կը սիրէինք, թուղթ մը կը ղրկէինք իրեն եւ գրաւոր կը հարցնէինք, թէ ինք ալ մեզ կը սիրէ՞ր։
Սիմոն Մովսիսեան
Բանաւոր լեզուն անհրաժեշտ է, որովհետեւ մարդը ընկերային էակ է։ Ապրելու համար ան պէտք ունի ուրիշներու հետ յարաբերութիւն ունենալու։ Խօսելով մարդոց հետ, մենք կարող ենք գիտութիւն եւ ուրախութիւն ունենալ։
Մարդը իր շրջապատին յարմարեցաւ եւ բանաւոր լեզուն օգտագործեց խմբային ոգի ստեղծելու համար։ Կենդանին չի կրնար խօսիլ մարդոց պէս, որովհետեւ չի կրնար իր միտքը բանաւոր խօսքի վերածել։ Խօսքի շնորհիւ մենք կրնանք ինքնակազմակերպուիլ, իմաստութիւն եւ գիտութիւն ունենալ։
Խօսքի շնորհիւ մենք կրնանք մարդոց օգնել, բայց նաեւ զանոնք կործանել։
Յունիս 2023