Դպրոցասէր վարժարան, 8-րդ դասարան
Խօսիլ եւ գրել
Սիլվա Պաղտասարեան
Բանաւոր լեզուն կարեւոր է, որովհետեւ առանց խօսքի սէրը չի փոխանցուիր։ Օրինակներ.
շրջապատը մանուկին սէր կը փոխանցէ խօսքով եւ այս փոխանցուած խօսքով մանուկը կը սորվի խօսիլ։
Երբ մէկը միւսին հետ չի խօսիր, ընկերութիւն չի կազմուիր։
Երբ մէկը իր տխրութիւնը կը խոստովանի, կը հանգչի։
Բայց բանաւոր լեզուն կրնայ նաեւ գէշ արդիւնք տալ։ Օրինակ՝ երբ մէկը միւսին հայհոյէ, ընկերութիւնը կը քանդուի։
Այսպէս՝ կը հասկնանք, որ լեզուն կրնայ թէ´ շինել, թէ´ քանդել։
Պատմութիւն մը պատմեմ։
Կար ու չկար թագաւոր մը կար։ Օրին մէկը, ան կը յայտարարէ իր պալատականներուն, որ ով որ իրեն բերէ ամենէն կարեւոր բանը, պատիւ պիտի ստանայ։ Մէկը ջուր կը բերէ, ուրիշ մը՝ հող։ Մարդուն մէկը կը բերէ լեզու մը։ Թագաւորը կը զարմանայ։ Մարդը կ’ըսէ, որ լեզուն ամենէն կարեւոր բանն է, որովհետեւ լեզուն երկու ուժ ունի. թէ´ կրնայ փոխանցել սէր, յոյս եւ հաւատք, թէ´, դժբախտաբար, կրնայ ատոր հակառակը փոխանցել. լարուածութիւն եւ ատելութիւն։
Գրաւոր լեզուն ալ ունի իր օգուտները։
Կան մարդիկ, որ կ’ամչնան խօսելու, բայց առանց ամչնալու կը գրեն։
Երբ մեր միտքին մէջ բան մը ունինք, կը գրենք որ չմոռնանք։
Առանց գրաւոր լեզուի չէինք կրնար անցեալի պատահարներուն ծանօթանալ։ Հին դարերու մարդիկ ժայռերուն վրայ կը փորագրէին, կը գրէին, կը գծէին իրենց կեանքը։ Այսօր մենք ատոնք կը կարդանք եւ կ’ուսումնասիրենք։
Մարդոց կամ երկիրներու միջեւ համաձայնութիւնը կը գրուի եւ կը ստորագրուի, որ արժէք ունենայ։ Բանաւոր համաձայնութիւնը պաշտօնական չ’ըլլար։
Նարեկ Ասիօկլու
Բանաւոր լեզուն շատ կարեւոր է, որովհետեւ ուղղակի ձեւով կը հասկնանք մարդոց զգացումները՝ ջղայնութիւնը, տխրութիւնը, ուրախութիւնը, նեղութիւնը, եւլ։
Ուրիշ բան մըն ալ կայ բանաւոր լեզուին մէջ, որ շատ կարեւոր է։ Խօսելու ձեւը։ Կան մարդիկ, որոնք լաւ կը խօսին, մաքուր եւ ճիշդ բառերով։ Որքան լաւ խօսիս, այնքան լաւ կը հասկնան քու միտքդ։
Բանաւորին չափ կարեւոր է գրաւոր լեզուն։ Եթէ պատմութիւն մը գրեմ, նոյն պատմութիւնը պիտի մնայ սերունդէ սերունդ։
Գրաւորը բան մըն ալ ունի, որ բանաւորը չունի, այդ ալ ժամանակն է, որ կը տրուի մեզի մտածելու, թէ ինչ պիտի գրենք։ Երբ ժամանակ ունինք մտածելու, որքան լաւ արտայայտուինք, այնքան լաւ պիտի հասկնան մարդիկ մեր ըսածը։
Էրիկա Սեդրակեան
Բանաւոր լեզուն կարեւոր է, որպէսզի մարդիկ հասկնան զիրար։ Առանց սորվելու չես կրնար հասկնալ միւսը։
Բանաւոր լեզուն արագ եւ անմիջական լեզու է։ Հաղորդակցական ձեւ մըն է, որ միտք մը արտայայտելու համար կը գործածէ մարդու ձայնին հնչիւնները։ Այս հնչիւնները կը վերածուին բառերու եւ նախադասութիւններու։
Իւրաքանչիւր լեզու ունի իր քերականական կառուցուածքը, ելեւէջը ու առանձնայատկութիւնները։
Յունիս 2023