ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

Լեզուի բանաւոր եւ գրաւոր արժէքները. մաս Ա.

Դպրոցասէրի 8-րդ դասարանի աշակերտներով, անցնող տարեշրջանի երկայնքին, փորձեցինք բացայայտել լեզուի բանաւոր եւ գրաւոր աստիճաններու արժէքը, հասկնալ անոնց իւրայատկութիւնը, ընդգծել իրարմէ զանազանող յատկանիշները։ Լեզուաբանական այս կարեւոր նիւթին մասին՝ ահա մեր պատանի տղոց միտքերը։

ԾԻԾԵՌՆԱԿ

Դպրոցասէր վարժարան, 8-րդ դասարան

Բանաւոր խօսք, գրաւոր խօսք

Նորվան Սարգիսեան

Բանաւոր լեզուն շատ կարեւոր է։ Առանց բանաւոր լեզուի դժուար է երեւակայել աշխարհը։ Առանց բանաւորի պատմութիւն չկայ եւ գիր չկայ։

Հին ժամանակ, մարդիկ բանաւոր ձեւով պատմութիւններ կը պատմէին եւ այդպէս կը փոխանցէին սերունդէ սերունդ։ Շատ կարեւոր էր ասիկա։

Հիմա, ամէն օր կը գործածենք բանաւոր լեզուն, բայց երբեմն խօսելէն առաջ չենք մտածեր եւ սխալ բան կ’ըսենք։ Գրաւորին ճիշդ հակառակը։

Գրաւորը կարեւոր է մնայուն դարձնելու համար ըսուածը։ Կարեւոր է ըսուածին հետքը չկորսնցնելու համար, սերունդէ սերունդ փոխանցելու, պատմութեան համար դարէ դար պահպանելու։

Գրաւորը կը տեսնենք, կը կարդանք, կը թարգմանենք։ Կը գործածենք ուսումնասիրելու եւ տեղեկութիւններ ստանալու համար։


Էտուարտ Խաչատրեան

Առաջին հերթին, լեզուն կը գործածուի զիրար հասկնալու եւ իրարու պատասխանելու համար: Լեզուն գլխաւորաբար կը գործածուի մարդկային եւ ընկերական(ային) յարաբերութիւններ ստեղծելու համար, ինչպէս՝ օրինակ,  ընկերներով միանալ դէմ դնելու հակառակ ուժի մը։

Բաբելոնի աշտարակի պատմութեան մէջ Աստուած պատժեց մարդիկը, փոխելով անոնց բոլորին լեզուն։ Բոլորը տարբեր ձեւով սկսան մտածել եւ ամէն մարդ սկսաւ արտայայտուիլ իր միտքին եւ մտածելու ձեւին համեմատ լեզուով մը։ Օրինակ՝ մէկը վատը կ’ուզէ, միւսը՝ լաւը։ Այսպիսով աշտարակի շինութեան ժամանակ մարդոց մէջ բախում եղաւ, քանի որ մարդոց միտքերու լեզուն, այսինքն՝ մտածելու ձեւը տարբեր էր։

Գրաւոր լեզուն բանաւորին պէս շատ կարեւոր նիւթ է։ Ան խօսքը անփոփոխ կը պահէ տարիներու ընթացքին։ Օրինակ առնենք Մովսէս Խորենացին։ Որպէսզի առասպելները չկորսուին, ան բանաւորը վերածեց գրաւորի։ Հո´ս է երկուքին կապը։

Բանաւորի համեմատ՝ գրաւորը կ’ըլլայ պաշտօնական։ Գիր ստեղծելէ առաջ մարդիկ պատկերներով կը հասկցնէին իրենց ուզածը։ Գրուածը արժէք է, որովհետեւ մեզի համար կարեւոր խօսակցութիւնները կը պահպանէ. օրինակ՝ նամակներ։ Գրաւորը կը պահպանէ նաեւ ժողովուրդներու քաղաքակրթութիւնը, ինչպէս՝ Սուրբ Գիրքը, գրուած է որ պահպանուի եւ անփոփոխ մնայ խօսքը։ Հոս՝ գիրը կը դառնայ սրբութիւն։


Նայիրի Շահինեան

Բանաւոր լեզուն կը ծառայէ մարդոց հետ ջերմութիւն ստեղծելու համար։ Անոր միջոցով կրնայ ընկերութիւն եւ նոյնիսկ սէր ծնիլ։

Երբ կը խօսինք, կրնանք մեր ձայնը փոխել, մեր նայուածքը փոխել, շեշտ դնել մեր բառերուն վրայ։ Երբ կը խօսինք, կրնանք գլուխը եւ ձեռքերը գործածել։

Խօսելով կրնանք հասկնալ մարդուն զգացումները, որ կ’ուզէ փոխանցել մեզի։ Բանաւոր լեզուն ունի իր ելեւէջները։

Երկու տարբեր բանաւոր լեզուներ կան. անուշ խօսք եւ չար խօսք։ Այս պատճառով պէտք է մտածենք խօսելէ առաջ։ Բանաւոր լեզուն շատ զօրաւոր է, որովհետեւ բառերը շատ զօրաւոր են, կրնան ցաւցնել։

Բանաւոր լեզուով կրնանք շատ բան հասկցնել։ Նոյն բառի շեշտի փոխութիւնը տարբեր իմաստներ կու տայ նախադասութեան։ Ասիկա՝ քանի որ ալիքներ կը գործածենք խօսելու ատեն։ 

Գրաւոր լեզուն կարեւոր է, որովհետեւ երբ կը գրենք, մեր միտքերը մնայուն կը դառնան։

Հին դարերուն (թուղթէ եւ մագաղաթէ առաջ- Ծ.) կը փորագրէինք քարերու վրայ։ Հնագէտները փորագրուած քարերը գտնելով քաղաքակրթութիւններ յայտնաբերեցին։ Այս փորագրուած քարերը կարեւոր են, որովհետեւ մարդոց հին կեանքը կար հոն։

Կէտ մըն ալ։ Գրելէ առաջ լաւ սորված ըլլալու ենք գիրերը եւ ուղղագրութիւն, որպէսզի կարդացողները մեր միտքերը հասկնան։

Յունիս 2023

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան