ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

Ապականութիւն. մաս Բ. եւ վերջ

Դպրոցասէր վարժարան, 7-րդ դասարան

Ջուրի ապականութիւն

Էրիկ Մինասեան

Այսօր մենք ջուրը կ’ապականենք բազմաթիւ ձեւերով։ Օրինակ, երբ ծով կ’երթանք, շիշեր կը նետենք ջուրին մէջ։ Շատ տարիներ պէտք են, որ անոնք քայքայուին ջուրին մէջ։

Այդ շիշերէն մանրէները կ’անցնին ջուրին եւ ջուրը կ’ապականեն։ Ատկէ զատ, կենդանիները կ’ուտեն զանոնք եւ կը մեռնին կամ կը հիւանդանան։ Իսկ երբ ձկնորսները որսան այդ ձուկերը եւ ծախեն, մարդիկ կը գնեն, կ’ուտեն եւ կը թունաւորուին։

Այս պատճառով մաքուր պահենք ջուրը։ 


Խնայողութիւն

Օննիկ Ալթունեան

 Երկրագունդը ապականութենէ պաշտպանելու համար պէտք է դադրիք ձեր թափօնները գետին նետելէ։ Պէտք չէ նաեւ վատնէք ձեր սնունդը։ Օրինակ, երբ քաղցած չէք, բայց դեռ կը գնէք, չէք ուտեր եւ կը նետէք աղբարկղը։ Պէտք է խնայել սնունդը։ Աշխարհի վրայ կան երեխաներ, որոնք չունին բաւարար ուտելիք։

Ծորակը երկար ժամանակ բաց մի ձգէք։ Չափազանց երեկտարակնութիւն մի ծախսէք։ Օրինակ, լոյսը ի զուր մի վառէք։


Մեր մրգաստանն ու ագարակը

Էրիկ Յակոբեան

Մենք ունինք սեփական տուն Հայաստան, Աբովեան քաղաքը։ Մեր տան դիմաց կայ մեծ հողամաս։ Այնտեղ կան պտղատու ծառեր, խնձորենի, տանձենի, ծիրանենի, կաղնենի, ընկուզենի։

Հողամասին մէջ կը մշակենք գետնախնձոր, լոլիկ, վարունգ, ելակ, սխտոր, սոխ, ծաղիկներ եւ կերասենի։ Հողամասի ներքեւի մասը կայ փոքր գետակ մը։ Մենք հողամասը կ’ոռոգենք այդ գետակի ջուրով։ Անոր մէկ մասին շուրջ կայ ցանկապատ, ուր կը պահենք հաւեր, նապաստակ, երբեմն՝ ցուլիկ, հնդկահաւ, աքաղաղ, հաւու ճուտիկներ, շուն եւ կատու։

Մենք կ’ուտենք մեր մշակած բանջարեղէնը, կ’օգտուինք մեր ծառերու միրգերէն, կ’ուտենք մեր հաւերուն ձուերը, իսկ երբ մեր նապաստակները բազմանան, ժամանակ առ ժամանակ կ’ուտենք անոնց միսը։


Անայիս Կոլ

Ընտանիքս ագարակ մը ունի, որ կը գտնուի Թուրքիա, Սիլիվրի քաղաքը։ Շատ բանջարեղէն կ’աճի հոն. լոլիկ, սմբուկ, պղպեղ, վարունգ, դդում, ստեպղին, լուբիա եւ այլն։ Կ’աճին նաեւ պտուղներ. ձմերուկ, ծիրանենի, թզենի, խնձորենի, նարնջենի, եւ այլն։

Այս բոլորին կեղեւները կը պահենք եւ անոնցմով հողին համար պարարտացուցիչ կը պատրաստենք։

Մայիս 2023

Facebook
Twitter
LinkedIn

2 Responses

  1. Շատ լաւ գրութիւններ են։ Թէ դիւրին կը կարդացուին եւ թէ հաճելի է։
    Ապրիք։
    Նազլը։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան