ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ՀԱՒԱ՞ՏՔ, ԹԷ ՀԱՒԱՏԱԼԻՔ. մաս Բ. եւ վերջ

Սուրբ Սարգիսի տօնի շաբաթը Դպրոցասէր վարժարանի 8-րդ դասարանի աշակերտներուն հետ ծանօթացանք Ռուբէն Զարդարեանի ՙՊուտ մը ջուր՚* պատմուածքին։ Այնտեղ ներկայացուած փոքրիկին ողբալի ճակատագիրը առիթ ընծայեց մեզի խօսելու նախապաշարումներու անհեթեթութեան եւ երբեմն վնասակար հետեւանքներուն մասին։ Ստորեւ, աշակերտներուն կողմէ ի մի բերուած նախապաշարումներու օրինակներ։

ԾԻԾԵՌՆԱԿ

Մարատ Աւետիսեան- Սիմոն Մովսիսեան- Յովհաննէս Յովհաննիսեան – Լիլա Գերեքճեան – Ժուլիանա Աւագեան – Նայիրի Շահինեան – Էրիկա Սեդրակեան – Նորվան Սարգիսեան – Նարեկ Պերպեր – Գայանէ Ֆորէլ- Սիլվա Պաղտասարեան – Էդուարդ Խաչատրեան.

Դպրոցասէր վարժարան, 8-րդ դասարան

ՆԱԽԱՊԱՇԱՐՈՒՄՆԵՐ

Երբ փռշտանք, կը նշանակէ որ մէկը կը խօսի մեր մասին։

Երբ աղ թափուի սեղանին վրայ, կը նշանակէ, որ վիճաբանութիւն պիտի ըլլայ։

Երբ աղը թափի, չարը կ’երթայ։

Ֆրանսայի մէջ, երբ շան կղկղանքին կոխես աջ ոտքով, դժբախտութիւն կ’ունենաս։

Չինաստանի մէջ թիւ 4-ը կը նշանակէ մահ։

Ճաբոնիոյ մէջ ցպիկը բրինձին մէջ տնկելը մահուան նշան է։

Ծուռ դարձած մուճակը փորձանք կը բերէ։

Երբ արթուն ենք դեռ ժամը առտուան 3։00ին, սատանան կուգայ։ 

Երբ աչքդ սառի, հիւր պիտի գայ։

Մողէզին պոչը երբ ձեռքդ մնայ, բախտ կ’ունենաս։

Չորս տերեւանի երեքնուկը (trèfle) բախտ կը բերէ։

Ճամբորդին ետեւէն ջուր կը թափենք, որ անփորձանք ճամբորդէ։

Եթէ հագուստդ հակառակ կողմէն հագնիս, օրդ ծուռ կ’երթայ։

Կին մը ձեռքերը երբ ծալլէ, ամուսինին գործը կը կենայ։

Երբ մէկը միւսին ձեռքէ ձեռք օճառ տայ, իրենց միջեւ կռիւ կ’ըլլայ։

Երեխան երբ մեծի մը թեւին տակէն անցնի, կարճ կը մնայ։

Երբ բան մը կորսուի եւ չգտնուի, թաշկինակին ծայրը հանգոյց կ’ընենք եւ կը գտնենք։

Տուն եկած հիւրը եթէ գետինը աւլէ, այդ  ընտանիքին վրայ դժբախտութիւն կու գայ։

Կարմիր դրամապանակը փող կը բերէ:

Եթէ թռչունը մէկու մը հագուստին վրայ ծրտէ, այն անձը բախտաւոր կ’ըլլայ։

31 Յունուար 2023

*Կարդալու համար՝
https://bit.ly/3JJ58oh

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան