Սուրբ Սարգիսի տօնի շաբաթը Դպրոցասէր վարժարանի 8-րդ դասարանի աշակերտներուն հետ ծանօթացանք Ռուբէն Զարդարեանի ՙՊուտ մը ջուր՚* պատմուածքին։ Այնտեղ ներկայացուած փոքրիկին ողբալի ճակատագիրը առիթ ընծայեց մեզի խօսելու նախապաշարումներու անհեթեթութեան եւ երբեմն վնասակար հետեւանքներուն մասին։ Ստորեւ, աշակերտներուն կողմէ ի մի բերուած նախապաշարումներու օրինակներ։
ԾԻԾԵՌՆԱԿ
Մարատ Աւետիսեան- Սիմոն Մովսիսեան- Յովհաննէս Յովհաննիսեան – Լիլա Գերեքճեան – Ժուլիանա Աւագեան – Նայիրի Շահինեան – Էրիկա Սեդրակեան – Նորվան Սարգիսեան – Նարեկ Պերպեր – Գայանէ Ֆորէլ- Սիլվա Պաղտասարեան – Էդուարդ Խաչատրեան.
Դպրոցասէր վարժարան, 8-րդ դասարան
ՆԱԽԱՊԱՇԱՐՈՒՄՆԵՐ
Երբ սեւ կատու անցնի առջեւէդ, վատ բան պիտի պատահի։
Սեւ կատու տեսնելը դժբախտութիւն կը բերէ։
Երբ սեւ կատու անցնի մեր առջեւէն, պէտք է փոխենք մեր ճամբան։
Երբ չենք վերջացներ մեր ճաշը, ապագային գէշ կին կամ ամուսին կ’ունենանք։
Թիւ 666-ը սատանայի թիւ կը սեպուի։
Թիւ 13-ը կապուած է մահուան եւ դժբախտութեան հետ։
Ուրբաթ 13-ը դժբախտութիւն կը բերէ։
Տան մէջ հովանոց բանալը դժբախտութիւն կը բերէ։
Երբ դանակը մեր ձեռքէն իյնայ, ուրեմն մարդ պիտի գայ։
Երբ պատառաքաղը իյնայ, կ’ըսենք, որ մարդ պիտի գայ։
Սուր կողմէն դանակը ուրիշին տալը կռիւի նշան է։
Ձեռքէ ձեռք դանակ տալը լեզուակռիւ կը նշանակէ։
Երբ սարդ մտնէ տուն, տեղէ մը դրամ պիտի գայ։
Եթէ հայելի կոտրենք, եօթ տարի անբախտ կ’ըլլանք։
Հայելիին կոտրիլը կը նշանակէ, որ մարդ մը պիտի մահանայ։
Տան մէջ սուլելը սատանայ կը բերէ։
Սանդուխի տակէն անցնիլը փորձանք կը բերէ։
Երբ մեր ականջները կարմրին, կը նշանակէ, որ մէկը կը խօսի մեր մասին։
Պնակ կը կոտրենք, որ չարը երթայ։
Երբ պնակ մը կոտրի, կ’ըսենք՝ չարը խափանուեցաւ։
31 Յունուար 2023
*Կարդալու համար՝
https://bit.ly/3JJ58oh