Նախկին դպրոցասէրցիներ
ՊԱՐԿԵՇՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ
Մարիամ Ասուլեան
Փոքր հասակին երեխան ծնողքէն կը սպասէ միայն ուշադրութիւն, սէր եւ պաշտպանութիւն։ Ան չի գիտեր իր ծնողներու իրական արժէքը։
Մեծ տարիքին ան կը գիտակցի եւ կը գնահատէ զանոնք։ Ան կ’ուզէ, որ իր ծնողները առողջ եւ ուրախ ըլլան։ Իսկ ինչ որ որդին կը փափաքի ծնողքին համար, նոյնն ալ ծնողքը կը փափաքի զաւակին համար։ Ամէն զաւակ իր ծնողքին հայելին է։
Ծնողներուն փափաքներէն մէկն է, որ զաւակը յաջողի բոլոր ոլորտներու մէջ, քանզի ատիկա հպարտութիւն եւ ուրախութիւն է անոնց համար։
Ծնողներու եւ երեխաներու միջեւ լաւ յարաբերութիւններ մշակելու համար նախ պէտք է միմեանց նկատմամբ ունենան վստահութիւն եւ յարգանք։ Եթէ խնդիր մը ունի զաւակը, պէտք է անպայման խօսի մայրիկին կամ հայրիկին հետ, կամ ալ երկուքին, որովհետեւ միայն անոնք կրնան ճիշտ ուղղութիւն տալ։
Անհատական որոշումներու մէջ, ինչպէս՝ ասպարէզի ընտրութիւն, ընկերներու ընտրութիւն, երկրի ընտրութիւն, զաւակը կախեալ է ծնողքէն։ Այսպիսի կարեւոր հարցեր պէտք է քննարկել, որովհետեւ ծնողները փորձ ունին եւ գիտեն որն է լաւը։ Նմանապէս, ծնողքն ալ իր անհատական որոշումներուն մէջ կախեալ է զաւակէն։
3 Մարտ 2023
Մկրտիչ Քէշիշեան
Ծնողներն ու զաւակները իրարմէ տարբեր ակնկալութիւններ ունին։ Ծնողքը հնազանդութիւն, լրջութիւն կ’ակնկալէ զաւակէն եւ կ’ուզէ, որ զաւակը աշխատասէր ըլլայ, որ լաւ ուսում ստանայ եւ ծնողքի հպարտութիւնը դառնայ։ Ծնողները արժէքներ եւ կենցաղավարութիւն կը սորվեցնեն։
Զաւակները վստահութիւն, սէր եւ յարգանք կ’ակնկալեն ծնողքէն եւ կ’ուզեն, որ ծնողքը չքննադատէ իրենց որոշումները։ Վստահութիւնը պահելու համար, ծնողները պէտք չէ ճնշեն, մերժեն կամ անտեսեն իրենց զաւակները։ Զաւակը ծնողքէն կախուած չէ իր անհատական ընտրութիւններուն համար, բայց պէտք է իր ծնողքին կարծիքը մտիկ ընէ ու նկատի առնէ։ Ծնողքին տուած արժէքները կարող են ուղղութիւն տալ զաւակին ընտրութիւններուն։
Իրարու հետ խօսելու եւ հասկնալու համար վստահութիւնն ու պարկեշտութիւնը անհրաժեշտ են։ Իմ կարծիքովս, երբ որ յարաբերութեան վերաբերեալ խնդիրներ ըլլան, պէտք է, որ երկու կողմերը փորձեն հաշտուիլ, որպէսզի ընտանիքը համերաշխ ըլլայ։
Նոյնիսկ եթէ ծնողներու հետ համաձայն չենք, պէտք է իրենց ըսածը ընենք իբրեւ յարգանգի ու սիրոյ նշան (անշուշտ եթէ մեզ չի խանգարեր պահանջուածը)։ Պարզ օրինակ մը. եթէ ծնողքը ուզէ, որ երթանք եւ աղբը թափենք, պէտք է կատարենք, նոյնիսկ եթէ համաձայն չենք եւ հաճելի չէ մեզի…։
24 Փետրուար 2023
Մարկօ Մարկոսեան
Ծնողք-զաւակ յարաբերութիւնները կրնան քիչ մը դժուար ըլլալ։
Իմ կարծիքովս, ծնողքը պէտք է մտիկ ընէ իր զաւակին եւ ուշադրութեամբ հետեւի անոր խնդիրներուն։ Եթէ զաւակը լաւ չի զգար իր ծնողներուն հետ, կը նշանակէ, որ առողջ չէ անոնց յարաբերութիւնը։ Ճիշդ յարաբերութեան համար պէտք է անոնց միջեւ ապահով ձեւով հաստատուած ըլլան պարկեշտութիւն, յարգանք, հասունութիւն, վստահութիւն եւ լրջութիւն։
13 Մարտ 2023