24 Փետրուար 2023-ին, ՙՆախկին Դպրոցասէրցի՚ ծրագրով հաւաքուեցանք Դպրոցասէր վարժարանը աւարտած պատանիներով։ Այս անգամուան զրոյցի մեր նիւթն էր ծնողք-զաւակ յարաբերութիւնը։ Ստորեւ՝ ներկաներէն մի քանիին հակազդեցութիւնները։
ԾԻԾԵՌՆԱԿ
ԱՄԵՆԱԿԱՐԵՒՈՐԸ՝ ՄՏԻԿ ԸՆԵԼ
Գլարա Եարանուշ
Ծնողները կրթութիւն ու արժէքներ կը փոխանցեն զաւակներուն։ Կը սպասեն զաւակներէն, որ հնազանդ, լուրջ ու աշխատասէր ըլլան։ Կը սպասեն նաեւ, որ մենք՝ զաւակներս, խօսք մտիկ ընենք ու մենք մեզ յարգենք։ Ապագային, անոնք հպարտ կ’ըլլան մեզմով։
Գալով զաւակներուն, անոնք կը սպասեն ծնողներէն, որ միշտ ներկայ ըլլան իրենց համար, մտիկ ընեն ու սէր տան։ Իրարու համաձայն ըլլալը մեծ նիւթ մըն է, քանի որ կան ատեններ, որ զաւակները համաձայն չեն ծնողներուն հետ։ Իսկ երբ մեծ վէճ ըլլայ, ակնկալելի է, որ երկու կողմէ գան ներողութիւնները։
Որպէսզի ծնողները եւ զաւակները լաւ յարաբերութեան մէջ մնան, վստահութիւն, յարգանք ու պարկեշտութիւն պէտք են։
28 Փետրուար 2023
Կարօ Քէշիշեան
Ծնողք-զաւակ յարաբերութիւններու մէջ ամենակարեւորը իրարու հետ խօսիլն է, յարգանքն ու վստահութիւնը։
Կարեւոր է նաեւ անհատական որոշումներու մէջ ծնողքին խորհուրդները նկատի առնել, նոյնիսկ եթէ իրենք ալ կը սխալին երբեմն։ Պէտք է ըսել, որ բոլորս ալ կը սխալինք եւ այդ սխալներու միջոցով է, որ մարդ կրնայ հասուննալ ու փորձառութիւն ձեռք բերել։
Իմ կարծիքովս, ծնողներ եւ զաւակներ, միշտ եւ անկախ ամէն ինչէ, պէտք է միմեանց կողքին ըլլան եւ իրարու օգնեն ամէն ձեւով։
Երբեմն ծնողները ահագին զոհաբերութիւններ կ’ընեն յանուն իրենց զաւակներուն եւ անոր դիմաց պատասխան կը պահանջեն։ Ասիկա կը ստեղծէ անօգուտ ճնշում զաւակներուն վրայ եւ նաեւ վատառողջ մթնոլորտ՝ զրուցելու եւ խնդիրներ քննարկելու։
24 Փետրուար 2023
Սերենա Քէշիշեան
Ծնողքի ու զաւակի յարաբերութիւնները կարեւոր են։ Ծնողքը մեզի կը փոխանցէ արժէքներ եւ մեզմով կը հպարտանայ։ Մենք՝ զաւակներս, անոնցմէ կը սպասենք սէր, կ’ուզենք որ մեզի մտիկ ընեն, օգնեն մեզի մեր որոշումները առնելու համար եւ յարգեն մեր վերջնական որոշումները։
Կը պատահի, որ սխալինք, բայց փորձառութիւնով է, որ կը հասուննանք։ Կարծիքովս, մենք միշտ կախեալ ենք մեր ծնողքին կարծիքէն։
Շատ կարեւոր է, որ ծնողք եւ զաւակ խօսին իրարու հետ, միտքեր փոխանակեն։ Ատոր համար իրարու հանդէպ պէտք է ունենան վստահութիւն, յարգանք եւ պարկեշտութիւն։
24 Փետրուար 2023