ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԷ՞ՏՔ Է ՕԳՆԷ ԹՈՒՐՔԻՈՅ

Փետրուար 6-ի երկրաշարժի աղէտին հետեւող օրերուն, երբ սկսաւ շրջիլ Հայաստանի կողմէ Թուրքիոյ կատարուելիք հաւանական օգնութեան լուրը, Դպրոցասէրի պատանիները հայերէնի դասաժամուն, հրդեհը աչքերնուն, կրակը լեզուին վրայ, իրենց  հոգեխռով ակնարկներով թարգմանեցին մեր բոլորիս սրտին տագնապը։ Անոնցմէ խնդրուեցաւ թուղթին յանձնել իրենց կարծիքը. ճիշդ կը գտնե՞ն Հայաստանի օգնութիւնը աղէտեալ թուրքերուն։ Ստորեւ՝ արտայայտուած միտքերը։ Այստեղ ամենակարեւորը հարկաւ անոնց կարծիքը չէ, թեր կամ դէմ, այլ հոգեվիճակը։ Որ քաղաքականութիւն չէ։

ԾԻԾԵՌՆԱԿ

Դպրոցասէր վարժարան
8-րդ դասարան

ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՁԵՌՔ ՄԵԿՆԵ՞Լ ԱՂԷՏԵԱԼ ԹՈՒՐՔԻՈՅ

Սիլվա Պաղտասարեան

Կարծիքովս, Հայաստան թէ՜ պէտք է եւ թէ՜ պէտք չէ օգնէ Թուրքիոյ։

Մէկ կողմէն՝ քանի Թուրքիա գէշութիւն ըրած է Հայաստանին, չի նշանակեր, որ Հայաստան նոյն ձեւով պիտի վարուի անոր հետ։

Միւս կողմէն՝ Հայաստան դժուարութեան մէջ գտնուող երկիր է, չի կրնար նոյնիսկ ինքնիրեն հոգալ, երկրին մէջ շատ աղքատ մարդ կայ, հայ ժողովուրդին միջեւ յարաբերութիւնը դժուար է։ Հայաստան ինչպէ՞ս կ’ուզէ օգնել ուրիշին։


Նարեկ Պերպեր

Ես կը կարծեմ, որ Հայաստան պէտք չէ օգնէ թուրքերուն, որովհետեւ անոնք երբեք չեն օգնած հայերուն։ Կը կարծեմ, որ երբեք պիտի չընդունին 1915-ի ցեղասպանութիւնը։ Թուրքիան անպայման պէտք է իր հերթին օգնէ հայերուն եւ պատերազմ չընէ։


Նայիրի Շահինեան

Ես 13 տարեկան աղջիկ եմ։ Կը կարծեմ, որ թէ՜ պէտք է եւ թէ՜ պէտք չէ օգնէ։

Պէտք է օգնէ, որպէսզի ցցնէ եւ ամէն մարդ տեսնէ, որ Հայաստան լաւ երկիր մըն է։
Բայց, Հայաստան արդէն պատերազմի մէջ է։ Ինչո՞ւ օգնէ, եթէ արդէն պատերազմին չի կրնար դիմանալ։ Հայաստան շատ զօրաւոր երկիր մը չէ, շատ դրամ չունի։

Կարծիքովս, պէտք չէ շատ օգնէ։


Էրիկա Սեդրակեան

Հայաստան պէտք չէ օգնէ Թուրքիոյ, քանի որ թշնամի են։ Թուրքիան գրաւեց Հայաստանի տարածքները։ Թուրքիան եւ Հայաստանը չեն սիրեր իրարու։


Ժուլիանա Աւագեան

Ես չեմ ուզեր, որ Հայաստան օգնէ Թուրքիոյ, որովհետեւ Թուրքիան Հայաստանի հետ շատ վատ կը վարուի, մանաւանդ հայ զինուորներուն հետ։ Կը տեսնեմ, որ անարգալից է իր վարմունքը Հայաստանի հանդէպ։


Էդուարդ Խաչատրեան

Ես մէկ կողմէն համաձայն եմ, միւս կողմէն՝ ոչ։

Ինչո՞ւ այո. որովհետեւ որպէս քրիստոնեայ ժողովուրդ, մենք մեր թշնամիին պէտք է օգնենք եւ աղօթենք իրենց լաւութեան համար։

Ինչո՞ւ ոչ. որովհետեւ 20-րդ դարուն Հայաստանի դժբախտութիւնները կ’ուրախացնէին թուրքերը, զանոնք կը նշէին որպէս յաղթանակ։ Ասիկա մեզի հանդէպ վարկաբեկիչ է։


Նորվան Սարգիսեան

Լաւ է, որ Հայաստան օգնէ Թուրքիոյ այս երկրաշարժի վիրաւորները փրկելու համար, քանի որ իրարու օգնելը մարդկութիւն է եւ լաւ օրինակ է։

Արդէն, Թուրքիոյ վիրաւորներուն մէջ շատ հայեր ալ կան։


Գայանէ Ֆորէլ

Ոչ, ես չեմ կարծեր, որ Հայաստանը պէտք է օգնէ Թուրքիոյ, որովհետեւ եթէ օր մը մենք պէտք ունենանք իրենց, պիտի չօգնեն։ Անոնք միայն կը սպասեն, որ մեր երկիրը իրենցը դառնայ, ու Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան միացած ըլլան իրարու։    

14 Փետրուար 2023

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան