Անայիս Կոլ
Դպրոցասէր վարժարան, 7-րդ դասարան
ԱՅՑԵԼԵՑԻ ՓԱՐԻԶԻ ՄԱՏԼԷՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ*
Նոր տարուան արձակուրդին գացի Փարիզ եկեղեցի մը, որուն անունն է Մատլէն։
Շատ գեղեցիկ եկեղեցի մըն էր, որովհետեւ մէջտեղը, գմբեթէն կախուած էին ապակիէ արցունքներ, որոնք կը կոչուին ՙուրախութեան արցունքներ՚**։
Եկեղեցիին խորքը կար արձան մը, անոր ետեւը կ’երեւնային Յիսուսի նկարներ։
Մուտքի դրան վերի մասը կար շատ մեծ երգեհոն մը, որմէ գեղեցիկ երաժշտութիւն կու գար։ Բայց այդ երգեհոնը մէկը չէր նուագեր, մինակը ձայն կ’արձակէր։
Կային շատ արձաններ։ Անոնցմէ մէկուն քովը կար Սրբուհի Մատլէնի մասունքը։
* Վերնագրին հետեւող լուսանկարները առնուած են Անայիսին կողմէ։
** ՙՈւրախութեան արցունքներ՚ը գործն է արուեստագէտ Պընուա Տիւթուրի։ Եկեղեցիին մէջ տեղադրուած է Սուրբ Ծնունդի առթիւ եւ ցուցադրուած՝ մինչեւ 20 Փետրուար 2023։
Յաւելեալ տեղեկութեան համար՝ https://youtu.be/CsfZSB1UbvE (Ծիծեռնակ)
12 Յունուար 2023