ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴՈՅԹՆԵՐ. մաս Գ. եւ վերջ

Նայիրի Շահինեան եւ Գայանէ Ֆորէլ
Դպրոցասէր վարժարան, 8-րդ դասարան

ԱԿՌԱՀԱՏԻԿ

Սովորութիւն մը կայ, որ կը կոչուի ակռահատիկ։ Մանուկին հանած առաջին ակռան տօնելու համար կը հաւաքուին ընտանիքի անդամները, կը հրաւիրեն բարեկամներ եւ ընկերներ եւ խնճոյք կ’ընեն։ Հրաւիրեալները կու գան նուէրներով։

Երեխան կը նստեցնեն սենեակին մէջտեղ, գորգի վրայ, գլուխը կը ծածկեն շղարշով ու ցորենի եփուած հատիկ կը թափեն գլխուն վրայ։ Շուրջը կը դնեն կարգ մը իրեր, ենթադրելով, որ ինչը որ երեխան ընտրէ եւ բռնէ, այդ պիտի ըլլայ իր ապագայ մասնագիտութիւնը։

Այս առիթով կ’ուտեն ակռահատիկ՝ անուշեղէն մը, որուն բաղադրութիւնն է ցորեն, սիսեռ, նուշ, չամիչ, պիստակ, կասիա։ Ցորենը եւ սիսեռը գիշեր մը առաջ կը թրջեն եւ յաջորդ օրը կը խաշեն ու համեմներով զարդարուած կը հրամցնեն։

Ցորենը կը խորհրդանշէ առողջութիւն, առատութիւն եւ ամուր ակռայ։

16 Նոյեմբեր 2022

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան