ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴՈՅԹՆԵՐ. մաս Բ.

Դպրոցասէր վարժարան, 8-րդ դասարան

Նորվան Սարգիսեան եւ Նարեկ Պերպեր
Նկարչութիւն՝ Նորվան Սարգիսեան

ՏԵԱՌԸՆԴԱՌԱՋ

Տեառընդառաջը հեթանոսական տօն մըն էր, որ կը վայելէր մեծ ժողովրդականութիւն։ Յետոյ դարձաւ քրիստոնէական տօն եւ կը նշուի ամէն տարի Փետրուար 14-ին, Քրիստոսի ծնունդէն քառասուն օր ետք։

Այս տօնը կը յիշեցնէ Յիսուսի մանկութեան շրջանէն առնուած կարեւոր եղելութիւն մը, երբ քառասուն օրուան մանուկ Յիսուսը Աստուծոյ տունը բերուեցաւ։ Կը նշանակէ Տիրոջը ընդառաջ գալ։

Փետրուար 13-ի երեկոյեան եկեղեցւոյ շրջաբակին մէջ կը հաւաքեն առատ փայտ եւ ցախ եւ կը պատրաստեն խարուկահանդէս։ Եկեղեցիէն բերուած մոմերով կը տրուի կրակը։ Հին ժամանակ, հայ գիւղացիներ կրակի մոխիրները կ’առնէին, կը ցրէին արտերու մէջ, հաւատալով, որ առատութիւն պիտի բերէ յաջորդ տարին։

Հիմա նոյնպէս հայերը կը նշեն այս աւանդութիւնը կրակին վրայէն ցատկելով, կը վառեն մոմեր եւ եկեղեցի կ’երթան։

Մենք կը յուսանք, որ դուք ալ սիրով յիշէք այս աւանդութիւնը։

14 Նոյեմբեր 2022


Յովհաննէս Յովհաննիսեան եւ Էրիկ Շահինեան

Սուրբ Սարգիս

Յունուար կամ Փետրուար ամսուան Շաբաթ օր մը կը նշուի Սուրբ Սարգիս զօրավարին տօնը։ Այս տօնը կը նշուի ոչ միայն եկեղեցական ծէսերով եւ աղօթքներով, այլ նաեւ ժողովրդական սովորութիւններով։

Սուրբ Սարգիս կը համարուի սիրոյ երազը իրականացնող սուրբ։ Տօնի նախօրեակին, երիտասարդ աղջիկները աղի բլիթ կ’ուտեն, որպէսզի ծարաւնան եւ գիշերը երազի մէջ տեսնեն իրենց ապագայ ամուսինը, որ ջուր կը բերէ իրենց։ Կը նշանակէ, որ այդ տարի պիտի ամուսնանան։  

15 Նոյեմբեր 2022


Մարատ Աւետիսեան եւ Էտկար Վարդազարեան

ԽԱՂՈՂՕՐՀՆԷՔ

Օգոստոս 15-ի ամենամօտ Կիրակին Աստուածածնի վերափոխման տօնն է։ Նշանակուած է Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ կողմէ եւ կը կոչուի նաեւ Խաղողօրհնէք։ Հաւատացեալներու մեծ բազմութիւն կը հաւաքէ այս տօնը։

Աւանդոյթ մըն է, որ կու գայ հեթանոսական ժամանակներէն, երբ Օգոստոս 11-ը Նաւասարդ էր, այսինքն Նոր տարուան առաջին օրը։ Այդ օր հեթանոս գիւղացի հայերը շնորհակալութիւն կը յայտնէին աստուածներուն անոնց տուած բերքին համար։

301-ին Տրդատ Գ. թագաւորի քրիստոնէութեան ընդունումով, եկեղեցւոյ հայրերը բերքահաւաքի այս տօնը ի պատիւ Նոյի դարձուցին։

Նոյ երբ ելաւ տապանէն ու իջաւ Արարատ լեռնէն, անոր փէշերուն տնկեց որթատունկեր, ինչպէս գրուած է Սուրբ Գիրքին մէջ։

Այդ օր ես եւ իմ ընտանիքս եկեղեցի կ’երթանք, մտիկ կ’ընենք քահանային աղօթքները։ Ան օրհնուած խաղող կու տայ եւ մենք կ’ուտենք։

8 Նոյեմբեր 2022

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան