ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴՈՅԹՆԵՐ. մաս Ա.

Դպրոցասէր վարժարան, 8-րդ դասարան

Սիլվա Պաղտասարեան

ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՀԱՒԿԻԹՆԵՐԸ

Զատիկը նախորդող մեծ պահքի 7 շաբաթներուն ընթացքին հաւկիթները կը պահեն մինչեւ Աւագ Ուրբաթ։ Այդ օրը կ’օրհնեն զանոնք, իսկ Աւագ Շաբաթ օրը կ’եփեն, որ կարմրին եւ Զատիկի Կիրակի օրը կ’ուտեն:

Հաւկիթը կը ներկայացնէ աշխարհը. կեղեւը երկինքն է, սպիտակուցը՝ ջուրը, դեղնուցը՝ հողը։ Զատիկի կարմիր ներկուած հաւկիթը կը նշանակէ, որ Քրիստոսի արիւնը թափուած է ամբողջ աշխարհի վրայ:

Ինչո՞ւ հաւկիթները կը պահեն 7 շաբաթ
Հաւկիթները 7 շաբաթ կը պահեն, որովհետեւ մեծ պահքին պէտք չէ ուտել կենդանիի արտադրութիւն։

Ի՞նչ կը նշանակէ մեծ պահք
Քրիստոնեաներու կեանքին մէջ պահքը 40 օրուան ժամանակաշրջան մըն է, որուն ընթացքին պէտք է պատրաստուիլ Զատիկը դիմաւորելու։   

Ի՞նչ կը նշանակէ Աւագ Շաբաթ
Աւագ Շաբաթը Զատիկի Կիրակին նախորդող Շաբաթ օրն է։

12 Հոկտեմբեր 2022


Էդուարդ Խաչատրեան եւ Աշոտ Շիշեան

ՆՈՐ ՏԱՐԻ

Ի՞նչ է Նոր Տարին
Նոր Տարին աւանդոյթ է, որ ամէն տարի կը նշենք Դեկտեմբեր 31-ին, տարին փոխելու համար: Ընտանիքով եւ ընկերներով կը հաւաքուին մարդիկ, որ նշեն այս աւանդոյթը։

Երբուըէ՞ Նոր Տարին կը նշուի Հայաստանի մէջ եւ ինչո՞ւ կը նշենք զայն
Հին դարերուն հայկական Նոր Տարին կը կոչուէր Նաւասարդ:

Նաւասարդը հայկական հեթանոսական տօն մըն էր, որ կը տեւէր 30 օր, կը սկսէր Օգոստոս 11-ին եւ կը վերջանար Սեպտեմբեր 9-ին։ Նաւասարդը տարուան առաջին ամիսն էր։ Նաւասարդ 1-ը կը համապատասխանէ Օգոստոս 11-ին։ Կար 13 ամիս, վերջին ամիսը 5 օր ունէր։

Նոր տարին այսօր
Հիմա Նոր տարին Հայաստանի մէջ կը նշուի քրիստոնեայ ամէն երկրի պէս։ Իտալիան, Լեհաստանը, Փորթիւկալը … առաջին երկիրներն են, որոնք նշել սկսած են Նոր Տարին Գրիգորեան օրացոյցի համեմատ, այսինքն՝ Դեկտեմբեր 31-ին։

10 Նոյեմբեր 2022

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան