Միտքերու համակարգում եւ մեքենագրութիւն՝
ԱՆԱՊԷԼԱ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ եւ ՆՈՅԵՄԻ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Դպրոցասէր վարժարան, 9-րդ դասարան
Ի՞ՆՉ ԵՆ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՕԳՈՒՏՆԵՐՆ ՈՒ ՎՆԱՍՆԵՐԸ
Մէկ կողմէ՝ շատ կ’օգտուինք համացանցէն, միւս կողմէ՝ մեզ գէշ վիճակի մէջ կը ձգէ:
Համացանցի օգուտները բազմաթիւ են։
Կրնանք՝
– Հետեւիլ նորութիւններուն։
– Գնում ընել։
– Երգ մտիկ ընել։
– Խօսիլ մեր ընտանիքի հեռաւոր անդամներուն հետ։
– Օդացոյցի տեղեկութիւնները առնել։
– Տեղեկութիւններ փնտռել եւ գտնել։
– Զբաղիլ, օրինակ՝ տարբեր խաղերով։
– PDF տարբերակով գիրքեր գտնել։
Ասոր կողքին, համացանցը իր վնասները ունի։ Անոր պատճառով՝
– Կ’ունենանք աշխատելու դժուարութիւն. համացանցը մեզ կը խանգարէ։
– Բանտարկուած կը մնանք սենեակը։ Դուրսի կեանքը, ընկերները, բարեկամները չենք վայելեր, մեր միտքը համացանցին մէջ կը մնայ եւ տրամադրութիւն չենք ունենար տունէն դուրս ելլելու:
– Կ’ունենանք քնանալու խնդիր։ Մեր ժամանակը կ’անցընենք համացանցի վրայ, պաստառին կապոյտ լոյսը կը խանգարէ մեր ուղեղը եւ վատ կը քնանանք առանց գիտնալու անոր ուղղակի պատճառը։
– Կրնանք համացանցի մոլին դառնալ։ Համացանցը մեր ժամանակը կը խլէ: Մեր հոգեկանին համար շատ վատ է։
– Մեր բնաւորութիւնն ալ կրնայ բոլորուին փոխուիլ, խաղալու ժամանակ կ’ըլլանք ջղային, նոյնիսկ վայրենի:
Համակարգիչի առջեւ երկար նստելու հետեւանքով կ’ունենանք՝
– Մարմնային զանազան ցաւեր. օրինակ՝ մէջքի, քանի որ շիտակ չենք նստիր գործիքին առջեւ։
– Ականջի խնդիր, երբ շատ երկար ժամանակ համակարգիչի կամ հեռաձայնի ընկալուչը մեր ականջին կը պահենք։
– Ձեռքի եւ մատի ցաւ, քանի ձեռքի նոյն պրկումով կը բռնենք մուկը եւ մատներու կրկնուող շարժումներով կը գրենք։
– Աչքերու յոգնութիւն. երկարօրէն նայելով պաստառին, մեր աչքերը կը տկարանան։
Համացանցի վրայ երկարատեւ մնալու փոխարէն կրնանք դուրս ելլել եւ աղուոր պահեր վայելել մեր ընտանիքին եւ ընկերներուն հետ: Եւ անշուշտ, աւելի կը կենդրոնանանք մեր դասերուն վրայ:
05 Նոյեմբեր 2022