ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ԲՐԱԾՈՆԵՐՈՒ ԼԵԶՈՒՆ. մաս Գ. եւ վերջ

Դպրոցասէր վարժարան
6-րդ դասարան

ՀՈՅԱՄՈՂԷԶ

Տիբլոտոքիւս

Էտի Պաղտասարեան, Լենա Թելֆեան, Հիւկօ Գարասու, Նշան Էրիցեան  

Այն հոյամողէզը, որ ամենէն շատ կը սիրենք, տիբլոտոքիւսն է։

Բուսակեր էր, կ’ուտէր ծառին տերեւները։ Ունէր պզտիկ գլուխ եւ քթածակերը կը գտնուէին գանկին վերի մասը։ Տիբլոտոքիւսը ունէր երկար պոչ եւ երկար վիզ։ Պոչը իր զէնքն էր, երկար պոչով կը կռուէր։ Ունէր հաստ ոտքեր, որոնք կը շալկէին ծանր մարմինը։

Ապրած է Հիւսիսային Ամերիկա 154-էն 150 միլիոն տարի առաջ։

Չափահաս տիբլոտոքիւսին հասակը 25-էն 30 մեթր էր, բարձրութիւնը 4-էն 6 մեթր եւ կը կշռէր 10-էն 20 թոնն։ Առաջին բրածոն գտնուած է Միացեալ նահանգներ, 1877-ին։


  Թիրանոզոր Ռեքս

Նարինէ Ապելեան, Ցոլին Ճինկօզ, Հիւկօ Գարասու, Գրիգորի Կարապետեան

Աշխարհի վրայ ապրած ամենամեծ հոյամողէզներէն մէկն էր թիրանոզորը։ Մսակեր, գիշատիչ հոյամողէզ էր, որ կ’որսար մեծ խոտակերներ։

Իր ապրած շրջանին կենդանիներու թագաւոր կը նկատուէր։ Զինք կը կոչենք «հոյամողէզներու թագաւոր»։ Ունէր երկու ձեռք, երկու ոտք, խոշոր եւ սուր եղունգներ, երկար պոչ եւ սուր ակռաներ։ Ակռաները այնքան զօրաւոր էին, որ բռնած կենդանին կը մեռցնէր եւ կ’ուտէր։ Ձեռքերը աւելի կարճ էին։ Կը վազէր ժամական 27 քիլոմեթր արագութեամբ։

Թիրանոզորը ապրած է Հիւսիսային Ամերիկա 50 միլիոն տարի առաջ։ Ամենաամբողջական բրածոն գտնուած է 1990-ին, Միացեալ Նահանգներու մէջ։

Հասակը 12-էն 15 մեթր էր, կը կշռէր 4.5-էն 8 թոնն, բարձրութիւնը մօտ 5 մեթր էր, իսկ թիրանոզորի ամենամեծ գանկը՝ 1.50 մեթր։

Մեր ժամանակին հոյամողէզ չենք տեսներ։ Տեսակը կորսուած է միլիոնաւոր տարիներ առաջ։

Նարինէ – Ես շատ կը սիրեմ հոյամողէզներու պատմութիւնները։ Կը սիրեմ դիտել Jurassic world ֆիլմը։

29 Սեպտեմբեր 2022

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան