ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ԲՐԱԾՈՆԵՐՈՒ ԼԵԶՈՒՆ. մաս Բ.

Ռաֆֆի Քարա
Դպրոցասէր վարժարան, 6-րդ դասարան

ՀՈՅԱՄՈՂԷԶ

Հոյամողէզները կենդանիներու անհետացած տեսակ են, որոնց բրածոները առաջին անգամ յայտնաբերուած են 19-րդ դարուն։ Հոյամողէզները երկիր մոլորակի վրայ գերիշխող կենդանիներ եղած են 250-էն 65 միլիոն տարի առաջ։  

Dinosaure-հոյամողէզ բառը պաշտօնապէս հրապարակուած է 1842թ-ին բրիտանացի հնէաբան Ռիչարդ Օուէնի, Richard Owen, կողմէն։ Այդ բառը եկած է յունարէն dienos-սարսափելի եւ sauros-մողէզ բառերէն։

Արկենթինոզոր

Մինչեւ հիմա մեզի ծանօթ ամենամեծ հոյամողէզներէն մէկը արկենթինոզորն է (արժանթինոզոր)։ Հնէաբաններու համաձայն, այն կը կշռէր 50-էն 100 թոնն, երկարութիւնը 30-էն 40 մեթր էր եւ բարձրութիւնը 15-էն 20 մեթր։

Ան բուսակեր էր եւ կ’ապրէր Արժանթին, ուրկէ կու գայ անուանումը։ Արկենթինոզորը կը պատկանի թիթանոզորներու ընտանիքին։ Կ’ապրէին նախիրներով։ Ան ունէր շատ երկար վիզ, որ կը հասնէր ծառերու ճիւղերուն եւ իրեն կը ծառայէր որպէս զէնք։

Քոնսոնիատիւս

Քոնսոնիատիւսը կը պատկանի փոքր մսակեր հոյամողէզներու ընտանիքին։ Յայտնաբերուած է Գերմանիոյ քարայրներուն մէջ 1850 թուականին, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի հարաւը, քարայրի մէջ, 1972 թուականին:

Ան ապրած է 155-էն 150 միլիոն տարի առաջ։  Քոնսոնիատիւսը ունէր բարակ եւ թեթեւ ոսկորներ։ Ետեւի ոտքերը երկար եւ բարակ էին։ Վազքի արագութիւնը 64 քմ/ժ էր։ Առջեւի ոտքերը նոյնպէս բարակ եւ երկար էին եւ ունէին միայն երեք մատներ, որոնցմէ երկուքը շարժուն էին, իսկ երրորդը՝ անշարժ։ Անոր գանկը թեթեւ էր, իսկ պոչը ոտքերուն պէս բարակ եւ երկար էր։
Հետաքրքրական է, որ քոնսոնիատիւսի ոտքերը խոռոչաւոր էին։

Օրնիթոմիմիւս

Օրնիթոմիմիւսը շատ արագավազ հոյամողէզ մըն էր։ «Ջայլամ-հոյամողէզի» աս տեսակը յայտնաբերուած է բրածոյ տեսքով Հիւսիսային Ամերիկայի քարայրներուն մէջ։ Ապրած է մօտ 70 միլիոն տարի առաջ: Օրնիթոմիմիւսը, որու անունը կը նշանակէ «թռչուն ընդօրինակող», ունեցած է մօտ 3,50 մեթր երկարութիւն, կշռած է 110 քիլոկրամ, հաւանաբար թէ′ բուսակեր էր, թէ′ մսակեր եւ կ’ապրէր խումբով։

29 Սեպտեմբեր 2022

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան