ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՄԵՐ ՇՐՋԱՊՏՈՅՏԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆ. Մաս Ե. եւ վերջ

ՄԱՐԿՕ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ եւ ԴԱՆԻԷԼ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Դպրոցասէր վարժարան, 9-րդ դասարան

ԽՈՐ ՎԻՐԱՊ

Խոր Վիրապի հիասքանչ տեսարանը

Մեր օրը սկսաւ երկար ճամբորդութեամբ։ Նպատակակէտը Խոր Վիրապն էր։ Այդ օր օդը շատ խոնաւ էր ու համալիրը՝ մարդաշատ, ուստի շոգէն բացի նաեւ շատ ծարաւ էինք։ Սկսանք լուսանկարուիլ Արարատ լերան տեսարանով, որ հիասքանչ էր: Յետոյ մեր ծարաւը յագեցուցինք ու իջանք խորունկ վիրապը, ուր 13 տարի մնացած էր Գրիգոր Լուսաւորիչ։ Անկէ դուրս եկանք դարձեալ հիանալու համար մեր դիմացը բացուած տեսարանով։ Այնուհետեւ, հանրակառքով վերադարձանք պանդոկ ու այս «ծանր աշխատանքային օր»էն ետք հանգստացանք, ապա շարադրեցինք մեր հաւաքած տեղեկութիւնները։ Ահաւասիկ.

Ըստ աւանդութեան, Գրիգոր մնաց այստեղ 13 տարի։

Խոր Վիրապ կը գտնուի Արտաշատ հին քաղաքին մէջ՝ Արարատեան մարզ, բլուրի մը վրայ, Թուրքիոյ սահմանին մօտ:

Ըստ եկեղեցական աւամդութեան, այս վայրը եղած է բանտ, թունաւոր օձերով ու միջատներով լեցուն: Տրդատ Գ. թագաւորի հրամանով այստեղ 13 տարի բանտարկուած է Գրիգոր Լուսաւորիչ, քրիստոնէութիւնը տարածելու յանցանքով:

Դարձեալ ըստ աւանդութեան, երբ Տրդատ թագաւորի հրամանով կը նահատակուին կոյսերը, որոնց մէջ՝ Գայանէն, Հռիփսիմէն եւ Շողակաթը, թագաւորը ծանրօրէն կը հիւանդանայ։ Շատ միջոցներու կը դիմեն զինք բուժելու համար, բայց ան չ’առողջանար: Թագաւորին քոյրը, Խոսրովիդուխտ, երազ կը տեսնէ, որ եղբայրը կրնայ բուժել մի միայն Խոր Վիրապի մէջ բանտարկուած Գրիգորը: Հետեւաբար, ան ազատ կ’արձակուի բանտէն եւ կը բուժէ Տրդատը:

Թագաւորը եւ Գրիգոր Լուաւորիչ կոյսերու նահատակութեան վայրին վրայ կը կառուցեն վկայարաններ ու հոն կ’ամփոփեն անոնց մասունքները: Տրդատ թագաւոր կը դադրեցնէ հալածանքները, քրիստոնէութիւնը կը հռչակէ պետական կրօնք, այսպիսով Հայաստանը պաշտօնապէս կը դառնայ քրիստոնեայ առաջին երկիրը եւ Գրիգոր Լուաւորիչը՝ հայոց առաջին կաթողիկոսը:

642 թուականին, Ներսէս Գ. Կաթողիկոս բանտին տեղ կը կառուցէ Սուրբ Գէորգ եկեղեցին։ 1662-ին, աւերակ դարձած այդ եկեղեցիին վրայ կը կառուցուի ներկայ Սուրբ Գրիգորը։ Քիչ մը աւելի ուշ, կը շինուի նաեւ համալիրի գլխաւոր եկեղեցին՝ Սուրբ Աստուածածինը։ 

Գլխաւոր եկեղեցին, Սուրբ Աստուածածին

19-րդ դարուն կառուցուած է սիւնազարդ զանգակատունը: Վանքէն դէպի արեւմուտք կը գտնուի Օթեաց Խաչ սրբավայրը, ուր, ըստ աւանդութեան, հանդիպեր են Թադէոս եւ Բարթողիմէոս առաքեալները:

1977-1980-ին, Վազգէն Ա. կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ վերանորոգուած է վանքը, կառուցուած է նաեւ մատաղատունը:

Խոր Վիրապի յիշատակութեան օրը Զատկուան յաջորդող Կիրակին է։

22 Յուլիս 2022

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան