ՄԱՐԻԱՄ ԱՍՈՒԼԵԱՆ
Դպրոցասէր վարժարան, 9-րդ դասարան
ԷՋՄԻԱԾԻՆ
Մայր տաճար Էջմիածինը կը համարուի աշխարհի քրիստոնէական ամենահին կառոյցներէն մէկը։ Դարերու ընթացքին բազմիցս աւերուած է եւ վերակառուցուած։ Ըլլալով հայութեան մեծամասնութեան հոգեւոր կեդրոնը, Էջմիածինը Հայաստանի ոչ միայն կրօնական, այլեւ քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային կարեւոր կեդրոն եղած է։ Այս ուխտատեղին Հայաստանի ամենաայցելուող վայրերէն մէկն է։
Իր քաղաքը պատմութեան մէջ ունեցած է տարբեր անուններ՝ Վարդգէսաւան, Արտիմէդ, Վաղարշապատ։ Հիմնուած է Ք.Ա. 570-560 թուականներուն, Վաղարշապատ կոչուած է Ք.Ա. Բ. դարուն ու դարձած է մայրաքաղաք, 1945-էն 1995 կոչուած է Էջմիածին (տաճարին անունով), որմէ ետք վերստացած է Վաղարշապատ անունը։ Վաղարշապատը Հայաստանի Արմաւիր մարզի ամենամեծ քաղաքն է։
Պատմութեան մէջ այս քաղաքը աւելի կարեւոր տեղ կը գրաւէ 301-303 թուականներուն, երբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հիմնեց Հայ Առաքելական եկեղեցին ու այնտեղ կառուցեց Սուրբ Էջմիածինը։ Ըստ աւանդութեան, ան տեսիլք մը ունեցաւ, Աստուծոյ միածին որդին իջաւ երկինքէն եւ մուրճով հարուածեց գետին, ցոյց տալով Սուրբ տաճարի շինութեան վայրը։ Այն կառուցուած է նախապէս գոյութիւն ունեցող տաճարի վրայ, խորհրդանշելով հեթանոսութենէ քրիստոնէութեան անցումը։ «Էջմիածին» անունը, ուրեմն, կը նշանակէ Միածինին իջած տեղը. էջ – իջաւ։
Քաղաքը ունի հինգ եկեղեցի. Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին (հիմնուած 4-րդ դարուն), Սուրբ Հռիփսիմէ (մատուռ 4-րդ դարուն, եկեղեցի 618-ին), Սուրբ Գայանէ (մատուռ 4-րդ դարուն, եկեղեցի 630-ին), Սուրբ Շողակաթ (6-7-րդ դար) եւ Սուրբ Մարիամ Աստուածածին (18-րդ դար)։
486 թուականին Մայր տաճարի մէջ հիմնուած է նաեւ Մատենադարան, որ 1921-ին փոխադրուած է Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան նորաստեղծ մատենադարանը։ Էջմիածինն ու Վաղարշապատի վաղ միջնադարեան միւս եկեղեցիները 2000 թուականին ընդգրկուեցան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ։
Միջնադարուն Վաղարշապատը եղած է առեւտրական քաղաք։ Հայերէն զատ կը բնակէին նաեւ տարբեր ծագում ունեցող ժողովուրդներ՝ յոյներ, պարսիկներ, ասորիներ եւ հրեաներ։ Իսկ 17-րդ դարուն, գտնուելով Թաւրիզ-Երեւան-Էրզրում առեւտրական առանցքի վրայ, քաղաքը ապրած է տնտեսական վերելք, կառուցուած են շէնքեր, վերականգնած են եկեղեցիներ։
Այս ամառ, դպրոցով հայաստանեան մեր շրջապտոյտի ընթացքին առիթ ունեցանք հանդիպելու Գարեգին Բ. կաթողիկոսին եւ գացինք իր նստավայրը։ Ան մեզի տեղեկութիւն տուաւ Էջմիածնի մասին, իր պաշտօնին եւ եկեղեցիներու մասին։ Շատ հետաքրքրական եւ հաճելի ժամանակ անցուցինք անոր հետ։ Ան քաջալերական խօսքեր ըսաւ մեզի։ Յետոյ, երկու խումբերու բաժնուեցանք եւ գացինք եկեղեցիին թանգարանը այցելելու։
Թանգարանի մէջ տեսանք դարերու հնութիւն ունեցող գիրքեր եւ ձեռագործ աշխատանքներ, ծանօթացանք պատմութիւն ունեցող արժէքաւոր նկարներու։ Դուրս գալէն առաջ մեզի նուիրեցին անգլերէնով փոքրիկ գիրք։ Որպէս յուշանուէր, պարոն Պետոյեանը բոլորիս նուիրեց թեւնոց։ Յետոյ ճաշելու ժամն էր, գացինք ճաշարան։ Դժբախտաբար ժամանակ չունեցանք այցելելու Վաղարշապատի բոլոր եկեղեցիները։
Ինծի համար շատ հաճելի էր գտնուիլ այդ տարածաշրջանը, որ շատ մեծ հանգստութիւն պարգեւեց։ Ինծի համար աշխարհի ամենագեղեցիկ քաղաքներէն մէկն է Վաղարշապատը։
30 Յուլիս 2022