ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՄԵՐ ՇՐՋԱՊՏՈՅՏԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆ. Մաս Բ.

ԳԱՅԱՆԷ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ եւ ԱՆԻ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ
Դպրոցասէր վարժարան, 9-րդ դասարան
Նախկին Դպրոցասէրցի, 9-րդ դասարան

ՆՈՐԱՎԱՆՔ

Նորավանքը հայկական վանք մըն է, կը գտնուի Հայաստանի հանրապետութեան Վայոց ձորի մարզը։ Հիմնուած է 12-րդ դարուն Վահանավանքի եպիսկոպոս Յովհաննէսի կողմէն եւ կառուցման աշխատանքները աւարտած են 13-րդ -14-րդ դարերուն Մոմիկ եւ Սիրանես ճարտարապետներուն շնորհիւ։ Վանքը կոչեր են Նորավանք, որ բառացիօրէն կը նշանակէ «նոր վանք»։

Հայաստան մեր ճամբորդութիւնը առիթ եղաւ այցելելու Նորավանքը։ Շատ գեղեցիկ վանք է։ Ունի իւրայատուկ տեսարան։ Շատ սիրեցինք Նորավանք մեր այցելութիւնը, որովհետեւ կարեւոր էր մեզի համար ճանչնալ այս նշանաւոր յուշարձանը։

22 Յուլիս 2022


ՍՈՖԻ ԵՂԻԱԶԱՐԵԱՆ,
Դպրոցասէր վարժարան, 9-րդ դասարան

ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴ

Ծիծեռնակաբերդը Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշահամալիր է: Որոշեցինք Յուլիս 6-ին այցելել այս յուշահամալիրը: Երբ հասանք, տեսանք բազմաթիւ բոյսեր, ծաղիկներ եւ ծառեր։

Սկսանք թանգարանի այցելութեամբ։ Այնտեղ կարելի էր գտնել նկարներ, փաստաթուղթեր եւ վկայութիւններ 1915-1922 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու կրած տառապանքներու մասին։ Այդ զիս շատ յուզեց, քանի որ ինծի համար շատ զգայուն նիւթ է, բայց կը կարծեմ, որ ճիշտ է խօսիլ ատոր մասին, որպէսզի չմոռնանք մեր արմատները, պատմութիւնը եւ մշակոյթը։

Այցելութենէն ետք, երբ դուրս ելանք թանգարանէն, մեր առջեւ կը բացուէր շատ գեղեցիկ տեսարան՝ Արարատ լեռը։ Մենք քալեցինք դէպի յուշարձան, որ բարձր էր եւ պատած էր  կրանիթով :

ՅԱՒԵՐԺՈՒԹԵԱՆ ՏԱՃԱՐԸ

Յաւերժութեան տաճարը բաղկացած է 12 քարէ սալերէ, որոնք դասաւորուած են շրջանակաձեւ կորացած դէպի ներս։ 12 թիւը ընտրուած է երկրաչափական օրէնքներու համեմատ, բայց ժողովուրդը կը համարէ, որ այդ սիւները կը խորհրդանշեն Արեւմտեան Հայաստանի 12 նահանգները:

ՅՈՒՇԱՍԻՒՆ

Յաւերժութեան տաճարի կողքին կը գտնուի «Վերածնող Հայաստան» յուշասիւնը, որ ունի 44 մեթր բարձրութիւն։ Բաժնուած է երկու մասի՝ մեծ եւ փոքր կոթողներու, որոնք կ’արտայայտեն ազգի վերածնունդի գաղափարը։

22 Յուլիս 2022

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան