ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՄԵՐ ՇՐՋԱՊՏՈՅՏԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆ. Մաս Ա.

Յուլիս 3-էն 13 Դպրոցասէր վարժարանի 9-րդ դասարանը բախտ ունեցաւ ճամբորդելու Հայաստան։ Նախորդ երկու տարիներուն քորոնաժահրը չէր արտօնած աւարտական դասարաններուն կատարելու նման շրջապտոյտ, որ ինչպէս անցեալին, այս տարի եւս իրականացաւ նուիրատու Սարգիս Պետոյեանի կազմակերպութեամբ եւ նիւթական աջակցութեամբ։ Ստորեւ՝ մեր աշակերտներէն ոմանց անդրադարձները։

ԾԻԾԵՌՆԱԿ

ԳԼԱՐԱ ԵԱՐԱՆՈՒՇ,
Դպրոցասէր վարժարան, 9-ր դասարան

ՍԵՒԱՆԱՅ ԼԻՃ

Սեւանայ լիճը Հայաստանի հանրապետութեան ամենամեծ լիճն է։ Կը գտնուի Գեղարքունիք մարզի մէջ։ Անոր մէջ կը թափին 28 գետեր եւ գետակներ։ Անկէ կը բխի միայն Հրազդան գետը։ Մակերեսը 1260  քմ² է։

7 Յունիս 1993 թուականին, Սեւանայ լիճը ընդունուեցաւ Ռամսարի համաձայնագրի[i] ցանկին մէջ։

Լիճը կը ծառայէ իբրեւ բնական ջրամբար։ Իր շուրջը կը գտնուին բազմաթիւ քաղաքներ, որոնցմէ՝ Գաւառ, Մարտունի, Վարդենիս ու Սեւան։  

Նորատուզի խաչքարերու գերեզմանը

Սեւանայ լիճին շուրջ կան միջնադարեան վանքեր եւ յուշարձաններ։ Թերակղզիին վրայ կը գտնուի Սեւանավանքը, հիմնուած 4-րդ դարուն սկիզբը. Հայրավանքը՝ Գաւառի մօտ, նոյնպէս 4րդ դարու վանք է. Կոթավանքը 9-րդ դարու կը պատկանի, Մարտունիի մօտ է։ Գաւառի տարածաշրջանին մէջ կը գտնուի Նորատուզի խաչքարերու գերեզմանը:

Հայաստան գալէս առաջ, ես շատ կ’ուզէի Սեւանայ լիճը այցելել, որովհետեւ երբ որ Հայաստանի սահմանները փոքրացան, երկիրը կորսնցուց ոչ միայն հողամաս, այլեւ լիճերը։ Գիտենք, որ Պատմական Հայաստանը ունէր երեք լիճ՝ Սեւանայ լիճ, Վանայ լիճ եւ Ուրմիոյ լիճ, որոնք իրենց մեծութեան պատճառով կը կոչուէին «Հայաստանի ծովեր»։ Հիմա, մնաց միայն մէկը, որ Սեւանայ լիճն է։ Ատոր համար, շատ խորհրդանշական նշանակութիւն ունի ինծի համար։

Սեւանավանք

Հինգշաբթի 7 Յուլիսին, երբ ես տեսայ Սեւանայ լիճը, սքանչացած էի։ Մանկութենէս իվեր միայն նկարներու մէջ կը տեսնէի զայն։ Մեծ յուզումներ ապրեցայ երբ տեսայ այդ աղուոր, գեղեցիկ եւ վայելուչ լիճը։

Շատ սիրեցի այդ օրը, որ միշտ կը մնայ մտքիս ու սրտիս մէջ։


[i] Ջրատարածքներու վերաբերեալ համաձայնագիր, որ միջազգայնօրէն կը ճանչնայ տուեալ տեղին բնական կարեւորութիւնն ու անոր վտանգուած ըլլալը։ Համաձայնագիրը ստորագրուած է 2 Փետրուար 1971-ին Պարսկաստանի Ռամսար քաղաքին մէջ։ 

22 Յուլիս 2022

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան