ԳԱՅԱՆԷ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ եւ ՆԷՆՍԻ ԷԼ ՍԱՅԷՏ
Դպրոցասէր վարժարան, 9-րդ դասարան
ՄԱՐԻԱ ԵԱԳՈՊՍԸՆ. ՀԱՅԵՐՈՒ ՄԱՄԱՆ
Մարիա Եագոպսըն ծնած է 6 Նոյեմբեր 1882-ին Դանիա եւ մեռած է 6 Ապրիլ 1960-ին Պիպլոս՝ Լիբանան։
Եղած է բարեգործուհի, կրթութեամբ՝ բժշկուհի։ 1907-ին Women Missionary Workers կազմակերպութեան հետ ժամանած է Խարբերդ բժշկական ծրագրով, երբ տակաւին 24 տարեկան էր։ Իր մարդասիրութեան պատճառով զինք անմիջապէս կոչած են «փրկութեան հրեշտակ»։
Ականատես եղած է 1915-ի ցեղասպանութեան։ Միլիոնաւոր տոլարի գումար հանգանակած է բարեսիրական ծառայութիւններու համար։
1922-ին Պէյրութի մէջ զբաղած է որբահաւաքութեամբ։ Սայտայի մէջ, Լիբանան, բացած է «Թռչնոց Բոյն» անունով որբանոցը։ 1928-ին որբանոցը փոխադրուած է Պիպլոս՝ Ճըպէյլ ծովեզերեայ քաղաքը։
Ան փրկած է, խնամած է հազարաւոր որբեր եւ որբուհիներ։ Անոնք զինք «մամա» կը կոչէին։
Մեզի համար մեծ նշանակութիւն ունեցաւ անոր 600 էջնոց օրագիրը, որ պահած է 1907-էն 1919 թուականներուն, այն նկարազարդուած է սրտաշարժ լուսանկարներով։
Մահացած է 1960-ին եւ ըստ իր փափաքին թաղուած է որբանոցի բակին մէջ։
Հայ ժողովուրդը ջերմ երախտագիտութեամբ կը մեծարէ յիշատակը Մարիա Եագոպսընին, մեր մամային։
12 Մայիս 2022