ԳԼԱՐԱ ԵԱՐԱՆՈՒՇ,
Դպրոցասէր վարժարան, 9-րդ դասարան
ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՆՊԱՍՏԱՄԱՏՈՅՑ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆ
NEAR EAST RELIEF
Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյց Ընկերութիւնը (Near East Relief) ամերիկեան մարդասիրական կազմակերպութիւն մըն է, որ հիմնուեցաւ Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին՝ 1915-ին, եւ գործեց Միջին Արեւելքի, Պարսկաստանի, Եգիպտոսի եւ Հայաստանի մէջ։
Ամերիկահայութիւնը 1915-ի կոտորածներուն արձագանգելով կազմակերպուեցաւ եւ կազմեց Հայ Աղէտեալներու Խնամատար Մարմինը, որուն մասնակցեցան ամերիկացի նշանաւոր անձնաւորութիւններ՝ տոքթ. Ճէյմս Պարթըն (James Barton), մեծահարուստ մարդասէր Գլիվլէնտ Հ. Տաճ (Cleveland Dodge)։
Կապ հաստատուեցաւ Պոլսոյ մէջ Ամերիկայի դեսպան Հէնրի Մորկընթաուի (Henry Morgenthau) հետ։ Կազմուեցաւ հայ աղէտեալներու քննիչ յանձնախումբ մը, պաշտօնն էր արթնցնել Ամերիկայի մարդասիրական հետաքրքրութիւնը։ Հէնրի Մորկընթաու աղէտի մատնուած հայ բնակչութեան մասին տեղեկութիւններ կ’ուղարկէր իր երկիրը։ Ամերիկեան կառավարութիւնը մարդասիրական քայլերու դիմեց ու դրամահակաք կազմակերպեց։
Նպաստամատոյցի յանձնախումբը կազմուեցաւ ճէյմս Պարթընի նախագահութեամբ. նախ՝ կոչուեցաւ Հայ Նպաստի Յանձնաժողով, 1918 թուականին անունը փոխեց եւ եղաւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Նպաստամատոյցի Ամերիկեան Յանձնաժողով (American Committee for Relief in the Near East), Իսկ 1919 թուականին կոչուեցաւ Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց Ընկերութիւն (Near East Relief):
Այդ յանձնախումբը միայն հայերուն համար չէր, այլ նաեւ ասորիներուն եւ այլ փոքրամասնութիւններուն համար:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը Վուտրոյ Ուիլսըն (Woodrow Wilson) օգնեց այդ կազմակերպութեան։ Եկեղեցական հանգանակութիւններու, բարեգործական կազմակերպութիւններու, հանրային հաւաքներու շնորհիւ հաւաքուեցաւ մօտ տաս միլիոն տոլար։
Նպաստամատոյցը հայթայթեց 117 000 000 տոլարի օգնութիւն, սնունդ, հագուստներ եւ առարկաներ. ստեղծեց հիւանդանոցներ, որբանոցներ եւ տեղեր աշխատելու եւ սորվելու համար։ Ունէր 132 000 հայ որբեր տարբեր երկիրներու մէջ՝ Հայաստան, Լիբանան եւ այլն։ Օժանդակած է Պոլսոյ Ազգային խնամատարութեան ուղարկելով հաց, հագուստ, կաթ, մեքենաներ, բժիշկներու կողմէ ձրի դարմանում, մարզական եւ երաժշտական գործիքներ, աշակերտներու կրթաթոշակ։
7 Փետրուար 1922-ին, Հալէպի, Միջագետքի, Մարաշի, Այնթապի որբերը տեղափոխուեցան Սուրիա եւ Լիբանան։
Մինչեւ 1930, Նպաստամատոյցը խնամած է 200 որբանոց եւ 132 000 որբ, անոնցմէ 75 000-ը հայ, 40-45 000-ը Հայաստանի մէջ, մնացեալը՝ Սուրիա, Լիբանան եւ Յունաստան:
Իսկ 1930-ին լուծարուելէն ետք, յանձնախումբի անունը դարձաւ Near East Foundation:
Ըստ ամերիկացի պատմաբան Հօվարտ Մ. Սաշարի (Howard M. Sachar), Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցը բառիս բուն իմաստով ապահովեց ամբողջ ժողովուրդի մը գոյատեւումը։
19 Յունիս 2022