ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ԲԱՑԱՅԱՅՏԵԼ ՈՒ ԶԱՐԳԱՑՆԵԼ ՏԱՂԱՆԴԸ

«Դպրոցասէրցի» ծրագիրը ծնունդ առաւ Մարտ ամսուն։ Նպատակն է մշակութային հանդիպումներ կազմակերպել Դպրոցասէրը աւարտած աշակերտներու հետ, զրուցել ու խորհրդածել ազգային կամ պարզապէս մարդկային բովանդակութիւն ունեցող, բայց մանաւանդ պատանիները յուզող նիւթերու շուրջ ու զարգանալ միասնաբար։ Նաեւ զուարճանալ։
Ապրիլ 26-ին տեղի ունեցաւ երկրորդ հանդիպումը, որուն մասին՝ ահաւասիկ։

ԾԻԾԵՌՆԱԿ

ՄԱՐԻԱՄ ԱՍՈՒԼԵԱՆ,
Դպրոցասէր վարժարան, 9-րդ դասարան

ԱՄԷՆ ՄԱՐԴ ՏԱՂԱՆԴ ՄԸ ՈՒՆԻ, ԳՏՆԵԼ ԵՒ ԶԱՐԳԱՑՆԵԼ

Ապրիլ 26-ին հաւաքուեցանք ես ու դասընկերներս՝ Դպրոցասէր վարժարանի 9֊րդ դասարանը եւ անցեալ տարի աւարտած աշակերտները: Մեր հանդիպումը տեղի ունեցաւ վարժարանին մէջ, կազմակերպութեամբ մեր ուսուցչուհիին։

Բաւական աշակերտներ կրցան մասնակցիլ այդ օրուայ բանավէճին։ Մեր նիւթը անձի շնորհքներու մասին էր։

Առաջին հերթին, սկսանք բացատրել, թէ ինչ կը նշանակէ շնորհք։

Երկրորդ բաժինով քննարկեցինք այն, թէ ինչպէ՞ս կրնանք բացայայտել մեր շնորհքը։ Բոլորս համաձայն էինք, որ շնորհքը Աստուծոյ կողմէ տրուած կ’ըլլայ եւ ամէն մարդ զայն ունի։ Իսկ եթէ մէկը չունի իր ցանկացած շնորհքը, աշխատասիրութեան շնորհիւ կրնայ իր մէջ զարգացնել զայն։

Երրորդ բաժինով քննարկեցինք այն հարցը, թէ որքա՜ն կարեւոր է ժամանակ տրամադրել մեր շնորհքները աւելի զարգացնելու համար։ Քննարկուեցաւ նաեւ անկարեւորի նիւթը։

Այս քննարկումները ինծի շատ օգնեցին եւ վստահ եմ, որ նաեւ օգտակար եղան իմ դասընկերներուս։ Այսուհետեւ, ես աւելի կարողութիւն ունիմ զանազանելու կարեւորը անկարեւորէն։

Անձը ինքն է, որ կ’ընտրէ անկարեւոր գործ/զբաղումը. իր ժամանակը կը կորսնցնէ տրամադրելով անոր, փոխանակ կարեւոր գործ/զբաղումի մը։ Ան որ կ’ընտրէ անկարեւորի համար իր ժամանակը ծախսել, կը նշանակէ, որ կ’ընտրէ ամենէն հեշտ տարբերակը։

Չորրորդ բաժինով մենք քննարկեցինք վերջին կէտը. ի՞նչ առաւելութիւն ունի աշխատանքը, յատկապէս մարդու սիրած աշխատանքը։ Եթէ մարդը իր աշխատանքը սիրով կատարէ, իրեն համար հաճույք մըն է։ Իսկ եթէ ստիպուած է ընելու տուեալ աշխատանքը, իրեն համար շատ դժուար կ’ըլլայ եւ պատիժի կը նմանի։

Մարդը պէտք չէ աշխատի նպատակ ունենալով միայն դրամ շահիլը, այլեւ օգտակար ըլլալու իր ընտանիքին կամ ուրիշներու։ Աշխատանքի միջոցով նաեւ նոր շրջապատ կը ստեղծենք, կ’ունենանք նոր ընկեներ։

27 Ապրիլ 2022

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան