ԴՊՐՈՑԱՍԷՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆ.
ՄԱՍՆԻԿԸ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ
ԳԼԱՐԱ ԵԱՐԱՆՈՒՇ.
Դպրոցասէր վարժարան, 9-րդ դասարան
Ես հիմա հանրակառքին մէջն եմ դասարանիս հետ։ Ժամը ինն է։ Մենք կ’երթանք Հրէական ցեղասպանութեան յուշահամալիրը, Տրանսի քաղաք։ Հաստատութեան մէջ կը ցուցադրուի Հայոց ցեղասպանութիւնը իր մանրամասնութիւններով։ Շատ շուտ հասնիլ կ’ուզեմ։
Ճամբան քսան վայրկեան տեւեց։ Հասանք։ Մեզ լաւ հիւրընկալեցին։ Մեր ապրանքները ձգեցինք դարաններու մէջ։ Մեզի միացաւ տիկին մը՝ պատմաբան Քլէր Մուրատեանը։ Ան բացատրեց ցուցադրութեան բաժինները, յետոյ սրահ մը առաջնորդեց։ Այնտեղ Հայոց ցեղասպանութիւնը մանրամասնութեամբ բացատրուած էր. կային ազդատախտակներ, որոնց վրայ ցուցադրուած էին բնագիրներ, պատկերներ, քարտէսներ։ Պատին վրայ կար ցեղասպանութիւնը ոգեկոչող ֆիլմարձակում մը։ Ցուցափեղկերու մէջ հին առարկաներ ցուցադրուած էին. անոնք ցեղասպանութեան փոթորիկէն անցած էին։
Ինչ որ զիս շատ յուզեց, մեր դպրոցին՝ Դպրոցասէրին ոգեկոչումն էր։ Անոր նուիրուած ազդատախտակին վրայ տեսանք հին լուսանկարներ։ Սքանչացած եմ դպրոցիս վրայ, երկրիս վրայ։ Հայ ըլլալուս համար գոհ եմ։ Սիրեցի այս ցուցահանդէսը։ Իսկապէս հետաքրքրական էր։
Բազմաթիւ ձայներիզներ գնեցի, նոր բաներ սորվեցայ Հայոց ցեղասպանութեան մասին։ Հասկցայ այս առթիւ, որ ես կը շարունակեմ հայոց պատմութեան կեանք տալ։ Կը խորհիմ, որ նման նախաձեռնութիւններ եւ մշակութային արտայայտութեան բոլոր ձեւերը արժէք ունին հայկականութիւնը պահպանելու եւ տարածելու համար։
2 Յունիս 2022
ՄԱՐԿՕ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ
Դպրոցասէր վարժարան, 9-րդ դասարան
Դպրոցէն դուրս գալէն ետք հանրաշարժ մտանք, որ երթանք Տրանսի քաղաքը գտնուող Հրէական ցեղասպանութեան յուշահամալիրը։ Ճամբորդութիւնը հաճելի էր։ Ուրախ էինք։
Այցելութիւնը սկսանք ստանալով տարբեր ցուցադրութիւններու մասին բացատրութիւններ եւ նկարագրութիւններ։ Գիտցանք որ այս կեդրոնը ներկայիս կը ներկայացնէ Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւնը։ Տեսանք շատ տպաւորիչ պատկերներ եւ բնօրինակ նմոյշներ։
Պէտք է ընդունիմ, որ շատ զարմացայ, երբ այս պատմութեան մէջ ցուցադրուած տեսայ մեր դպրոցը հին նկարներով։ Այն իրականութիւնը, որ ես կ’ուսանիմ հարուստ պատմութիւն եւ անցեալ ունեցող դպրոցի մը մէջ, որ չի նմանիր ուրիշ որեւէ դպրոցի, մէջս հպարտութիւն մը արթնցուց այդ պահուն։
Այս ցուցահանդէսը օգնեց ինծի աւելին գիտնալու Հայոց ցեղասպանութեան մասին։
2 Յունիս 2022