ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ՄԵՏԱՔՍԻ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻ ՎՐԱՅ. ՎԵՆԵՏԻԿ

ԷՐԻԿ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ,
Դպրոցասէր վարժարան, 9-րդ դասարան

ՀԱՅԵՐԸ ՎԵՆԵՏԻԿԻ ՄԷՋ

Վենետիկի հայ համայնքը ձեւաւորուիլ սկսած է 13-րդ դարու սկիզբը, Վենետիկի եւ Կիլիկիոյ միջեւ ապրանքներու փոխանակման շնորհիւ։

Լեւոն Բ. թագաւորը շատ արտօնութիւններ տուաւ վենետիկցի վաճառականներուն, իսկ Վենետիկի մէջ հայերը նոյնպէս վայելեցին  արտօնութիւններ։ Կը յիշատակուին Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ (14-րդ դար) եւ Սուրբ Խաչ (15-րդ դար) եկեղեցիները։

1235 թուականին Վենետիկի մէջ հայերը հիմնեցին «Հայոց տունը», ուր կ’ապրէին հայ վաճառականներ։

Հայ տպագրութեան հիմնադիրն է Յակոբ Մեղապարտ։ Անոր կողմէ Վենետիկի մէջ 1512-ին հրատարակուեցաւ հայերէն առաջին տպագիր գիրքը, որ կը կոչուի «Ուրբաթագիրք»։ Վենետիկի մէջ ան հայերէն գիրքեր հրատարակեց 1512-1513 թուականներուն։

Էտկար Շահին (1874-1947)
Լիլի

Փատովա քաղաքին մէջ հիմնուած է Մուրատեան վարժարանը 1834-ին, իսկ 1836-ին Վենետիկի մէջ հիմնուեցաւ Ռափայէլեան վարժարանը։ 1850-ական թուականներու պատերազմի պատճառով Մուրատեան դպրոցը միաձուլուեցաւ Վենետիկի Ռափայէլեան վարժարանին ու դարձաւ Մուրատ-Ռափայէլեան գիշերօթիկ վարժարան։

Այս դպրոցը ուսանած են յետագային աշխարհահռչակ դարձած կարգ մը անձնաւորութիւններ՝ նկարիչներ Չարլզ Ադամեան, Էտկար Շահին, Արսէն Շաբանեան, բանաստեղծներ Մկրտիչ Պեշիկթաշլեան, Դանիէլ Վարուժան, դերասան Վահրամ Փափազեան։

9 Փետրուար 2022

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան