ՄԱՐԻԱ ՄՈՒԹԱՖԵԱՆ,
Դպրոցասէր վարժարան, 9-րդ դասարան
ԱԶԴԱՐԱՐ
«Ազդարար»ը հայկական առաջին թերթն է։ Ստեղծուած է 14 Հոկտեմբեր 1794 թուականին Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքը։
Մատրաս քաղաքին մէջ գոյութիւն ունէր հայկական գաղութ։ 1770 թուականներուն Մատրասի մէջ սկսած էր գրական-քաղաքական շարժում մը եւ հայ երիտասարդութիւնը ջանքեր կը գործադրէր Հայաստանի անկախութեան համար։
Մատրասի մէջ հայկական առաջին տպարանը հիմնած է Շահամիր Շահամիրեան 1772-ին, եւ հրատարակած է բազմաթիւ հայերէն գիրքեր։
1785-ին Յարութիւն Աւագ քահանայ Շմաւոնեան ուղարկուած է Մատրաս իբրեւ քահանայ ծառայելու։ Ան ծնած է Պարսկաստանի Շիրազ քաղաքը։ Քահանայ դարձած է 1770-ին, սորված է հայերէն, պարսկերէն եւ արաբերէն։ Մատրասի մէջ ան հիմնեց իր տպարանը 1789-ին, որպէսզի Մատրասի հայութեան եւ հայ ժողովուրդի ցիրուցան զաւակներուն մատչելի դարձնէ իրենց հոգեմտաւոր հարստութիւնը։ Այսպէս, 1794-ին սկսաւ հրատարակել հայկական առաջին թերթը՝ «Ազդարար»։
1979-ին, «Ազդարար»ի հիմնադրման 200-ամեակի առթիւ հրատարակուեցաւ անոր ամբողջական հաւաքածոն։
28 Դեկտեմբեր 2021