ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

ՄԵՏԱՔՍԻ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻ ՎՐԱՅ

ՄԱԹԻՍ ԹՕՓՈՒԶ

ՄԱԹԻՍ ԹՕՓՈՒԶ եւ ԼՈՒՍԻՆ ԴՐԱՄԿՈՉԵԱՆ,
Դպրոցասէր վարժարան, 9-րդ դասարան

ՈՒՂՏԸ՝ ՃԱՄԲՈՐԴԱԿԱՆ ՄԻՋՈՑ

Ժամանակին, մարդիկ երկար ճամբորդութիւններ կը կատարէին ուղտերով։ Ուղտին սապատը պաշարի պահեստանոց է։ Այնտեղ կ’ամբարէ սնունդ եւ ջուր ու կը գործածէ ըստ ահանջքի։

Արեւմտեան վաճառականի արձանիկ,
Ասիական արուեստներու թանգարան, Փարիզ

Ուղտը նաեւ կը դիմանայ անապատային ջերմաստիճանի մեծ փոփոխութիւններու, ամրան +45 աստիճան, ձմրան -45 աստիճան։ Անոր բերանը եւ ակռաները մշակուած են այնպէս, որ կարողանայ քաղել անապատի փշոտ բոյսերը եւ խոտերը, զորս չեն կրնար ուտել այլ տեսակ կենդանիներ։ Ունի շարժուն շրթունք եւ լեզու, որոնց շնորհիւ կը հաւաքէ անապատային բոյսերու շատ պզտիկ տերեւները։ Վարի շրթունքը այնքան դիմացկուն է, որ կրնայ ճիւղերու եւ փուշերու անկիւններէն ուտելիք հաւաքել։ Ունի նաեւ երեսունչորս ամուր ակռաներ, որոնցմով կը փշրէ անապատի կոշտ ցօղունները։  

Այս յատկութիւններուն շնորհիւ է, որ մետաքսի ճանապարհի ճամբորդական միջոցը եղած է ուղտը։

Մայիս 2022

Facebook
Twitter
LinkedIn

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Հրատարակութիւններու շտեմարան