Երազումս մի մաքի, մօտս եկաւ հարցմունքի.
«Աստուած պահի քո որդին,
Ո՞նց էր համը իմ ձագի»։
Յովհաննէս Թումանեան
ԵԴՈՒԱՐԴ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ,
Դպրոցասէր վարժարան, 7-րդ դասարան
ՄԱՔԻՆ ԵՒ ՈՐՍՈՐԴԸ
Ժամանակին որսորդ մը իր որդիին հետ կ’երթայ որսի՝ անտառ, ուտելիք բերելու։ Կը տեսնէ մաքի մը եւ անոր ձագուկը։ Որսորդը իր զաւակին կը հրամայէ կրակել ու սպաննել գառնուկը։ Երեխան տխրութեամբ կ’ընէ հօրը ըսածը, որսը կ’առնեն եւ կը բերեն տուն, կ’ուտեն եւ կը քնանան։
Հայրը երազ կը տեսնէ։ Երազին մէջ ան ամբողջովին կոյր էր, բայց կը լսէր լացի մը ձայնը, որ ամէն կողմէն կու գար։ Երազին մէջ կը քալէ մինչեւ որ կը տեսնէ մաքին։ Կը մօտենայ անոր ու կը փորձէ հանգստացնել զայն։ Մայր մաքին կ’ըսէ. «Աստված պահի քո որդին, ո՞նց էր համը իմ ձագի»։
Այս նախադասութիւնը կ’արձագանգէ մարդուն գլխուն մէջ եւ կը ստիպէ արթննալ մղձաւանջէն։
ԺՈՒԼԻԱՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ,
Դպրոցասէր վարժարան, 7-րդ դասարան
ԺՈՒԼԻԱՆԱՅԻՆ ՈՐՍՈՐԴԸ
Օր մը, որսորդ մը անտառ գնաց, գառնուկ մը տեսաւ, որ կորսուած էր եւ մայր մաքին կը փնտռէր։ Որսորդը չդիմացաւ. գառնուկը տարաւ իր տնակը, սկսաւ կրակը վառել, կաթսան դրաւ կրակին վրայ։ Մաքին կը փնտռէր ձագուկը։ Հոտ առաւ, գուշակեց, որ իր որդին է։ Վազելով եկաւ որսորդին տունը, դուռը զարկաւ ոտքերովը։ Որսորդը բացաւ։ Մաքին ձեւերով բացատրեց, որ գառնուկը իր ձագուկն է։ Մարդը հասկցաւ եւ ներողութիւն ըսաւ մաքիին։ Մաքին ու գառնուկը ուրախ զուարթ տուն դարձան։
11 Մայիս 2022
*Մաքի- էգ ոչխար