Երազումս մի մաքի*
Մօտս եկաւ հարցմունքի
-Աստուած պահի քո որդին,
Ո՞նց էր համը իմ ձագի
Յովհաննէս Թումանեան
ԳԱՅԱՆԷ ՖՈՐԷԼ,
Դպրոցասէր վարժարան, 7-րդ դասարան
ՄԱՔԻՆ ԵՒ ՈՐՍՈՐԴԸ
Օր մը, որսորդ մը եւ իր փոքրիկ զաւակը անտառ կ’երթան որսի։ Որսորդը գառնուկ մը կը տեսնէ եւ կ’ըսէ. «Այս գառնուկը պիտի սպաննեմ»։ Զաւակը կը վախնայ, բայց որսորդը կը սպաննէ գառնուկը։ Ուրախութենէն զաւակը կը մոռնայ անտառին մէջ եւ գառնուկը կռնակը առած՝ տուն կ’երթայ։
Փոքրիկը կուլայ կուլայ եւ յանկարծ կը լսէ մաքիի մը ձայնը։ Ձեռքերուն եւ ոտքերուն վրայ կը մօտենայ անոր։ Մաքին զինք կը տեսնէ եւ շուտով քովը կ’երթայ։ Կը տեսնէ, որ վիզնոց մը ունի եւ վրան տան հասցէն կը տեսնէ։ Մաքին մանկիկը իր կռնակը կը դնէ եւ տուն կը տանի։ Զանգը կը զարնէ, որսորդը կը բանայ եւ զաւակը կը տեսնէ։ Շատ կ’ուրախանայ, որ անվնաս է։ Բայց մաքին կը տեսնէ, որ մարդուն սեղանին վրայ իր գառնուկը կայ։ Կուլայ կուլայ, բայց մարդը չի հասկնար։ Սեղանին կը նայի եւ նոր կը հասկնայ, որ սպաննած է մաքիին ձագուկը։
Մաքին կ’ըսէ մարդուն. «Աստուած թող պահէ քու զաւակդ, բայց իմ զաւակիս համը ինչպէ՞ս էր»։
Մայիս 2022
*Մաքի- էգ ոչխար