ԼՈՒՉԻԱՆԱ ՂԱԶԱՐԵԱՆ,
Հայ Աւետ. Կեդրոնական Բարձրագոյն վարժարան,
10-րդ դասարան, Պէյրութ
ՆԵՐԿԱՅ ԴԱՐԱՇՐՋԱՆԸ
Այսօր բոլորս կ’ապրինք դարաշրջանի մը մէջ, ուր մարդիկ՝ մեծ ու փոքր, իրենց ժամանակը կը սպառեն պատկերասփիւռին դիմաց ու բջիջային խաղերով։ Թէեւ կը կարծենք, որ լաւ ձեւով կը տնօրինենք մեր ժամանակը, բայց իրականութիւնը լրիւ հակառակն է։
Մեծ մայրս միշտ կ’ըսէ. «Մեր ատեն այսպէս չէր, մեր օրերուն՝ ընկերներով եւ զարմիկներով միասին տարբեր տեսակի խաղեր կը խաղայինք»։ Այս օրերուն ամէն ինչ փոխուած է, փոքրէն մեծ, իրենց ժամանակը կը վատնեն արդիական գործիքներու դիմաց, համակարգչային խաղեր խաղալով եւ այլն։ Ասոր վրայ կ’աւելնայ պատկերասփիւռը, ուր կը ցուցադրուին ոճրային բնոյթի տեսարաններ։
Այլանդակ այս խաղերը պատճառ կը դառնան, որ մեր կեդրոնացումն ու երեւակայութիւնը խանգարուի, ստեղծագործ մեր միտքը վնասուի։
Երբ մօտէն կը հետեւէի եղբօրս, որ երկար ժամանակ կը նստէր ու կը դիտէր պատկերասփիւռ եւ կամ կը խաղար ելեկտրոնային խաղեր, ան ջղային կը դառնար եւ նոյնիսկ չէր պատասխաներ իմ խօսքիս։ Հիմա որ հասակ առած է արդէն եւ լծուած է մարզանքի, համալսարան կը յաճախէ, ընկերական կեանքը աշխոյժ ու կայտառ է, նկատեցի որ ան աւելի ուրախ եւ հանդարտ է։
Արդիական գործիքները ունին առաւելութիւն եւ կ’օգնեն, որ մենք կարենանք արագ աշխատիլ, տեղեկութիւն ստանալ եւ այլն, սակայն մեզ կը հեռացնէ ընկերական կեանքէ, ընթերցումէ եւ մարզանքէ։ Պէտք է զգուշանալ եւ սրբագրել սխալը, որպէսզի մեր կեանքը աւելի առողջ ըլլայ եւ ուրախութեամբ լեցուն։
30 Դեկտեմբեր 2021
ԱԼԻՆ ՍԱՐԱՖԵԱՆ,
Հայ Աւետ. Կեդրոնական Բարձրագոյն վարժարան,
10-րդ դասարան, Պէյրութ
ԼԱՒԱԳՈՅՆԸ ՄԻՋԻՆՆ Է
Այս սերունդի պատանիները իրենց ժամանակը կ’անցընեն համակարգիչի, պատկերասփիւռի դիմաց եւ բջիջային խաղերով։ Այս ելեկտրոնային գործիքները ճիշդ ձեւով գործածելը թէեւ դրական կողմ ունի, սակայն անոնցմով երկար ժամանակ զբաղիլը ժխտական ազդեցութիւն կ’ունենայ մեր վրան։
Յաճախ պատկերասփիւռէն կը տեսնենք ոճրային բնոյթի պատկերներ։ Երբ պատանիներ այս տեսակի շարժապատկերներ կը դիտեն, առանց անդրադառնալու այս պատկերները իրենց վարմուքին վրայ պիտի ազդեն։ Անոնց կեդրոնացումը պիտի խանգարուի եւ երեւակայութիւնը պիտի տկարանայ։
Շատ անգամ ծնողներ իրենց զաւակներուն կ’ըսեն. «Հերիք է այսքան ժամանակ անցընես անիմաստ խաղերով»։ Բայց զաւակը այնքան մոլի եղած է, որ նոյնիսկ կ’անտեսէ մօր խօսքն ու թելադրանքը։
Ուրեմն, ի՞նչ պէտք ընել։
Փոխանակ մեր ժամանակը սպառենք պատկերասփիւռի դիմաց, կրնանք գիրք կարդալ, պարել, երգել, նուագել ու գծել։ Այս բոլոր աշխատանքները կը նպաստեն, որ երեւակայութիւնը զարգանայ։ Մարզանքը շատ կարեւոր աշխատանք է, որ առողջ կը պահէ մարմինը եւ կը կանոնաւորէ սիրտին տրոփները։
Ուստի, կեանքի մէջ հարկ է չափաւոր ըլլալ, նոյնիսկ խաղերու մէջ։ Կը մնայ որոշել եւ գործադրել, որպէսզի չկորսնցնենք լաւագոյնը` միջինը։
30 Դեկտեմբեր 2021