ՄԵԼԱՆԻ ՄՈՒՇԵԱՆ,
Հայ Աւետ. Կեդրոնական Բարձրագոյն վարժարան,
11-րդ դասարան, Պէյրութ
ՄԵՐ «ՀԻՆ» ՕՐԵՐԸ
Ամէն օր, նախքան օրս սկսիլն ու վերջանալը, յիշատակներուս տուփին մէջէն կը հանեմ ու կը դիտեմ մեր նկարը, մտածելով` ի՞նչ պէտք էր ըսէի քեզի, որ չճամբորդես…, ինչպէ՞ս կրնամ վերադառնալ անցեալ ու ապրիլ հետդ այդ կեանքը, երբ փոքր էինք։
Ազատօրէն դաշտին մէջ միասին կը քաղէինք ծաղիկներ եւ կը խօսէինք մօրս եփած ճաշին մասին։ Արեւը պայծառութիւն եւ ծառերը շուք կը սփռէին, ուր մենք կը պահուըտէինք, քանի որ ատիկա էր մեր փափաքը։ Կը խօսէինք մեր ապագային մասին եւ կը ծիծաղէինք մտածելով, թէ շատ ժամանակ ունինք մեծնալու։
Ինծի կ’ըսէիր. «Երբ մեծնամ ամենալաւ անասնաբոյժը պիտի ըլլամ»։ Ես կը հպարտանայի, որովհետեւ ամէն առաւօտ թռչուններուն, կատուներուն եւ շնիկներուն կեր պիտի տայիր ու հոգայիր։ Կէսօրէ ետք, երբ մազս հիւսել կը սորվէի, գիրք կը կարդայիր մտերմութեան մասին եւ կը բաղդատէիր զայն մեր մտերմութեան հետ ու կ’ըսէիր. «Մենք մինչեւ մեծնանք պիտի մնանք մտերիմ եւ իրարու հոգատար»։
Ամբողջ օրը կը սորվէինք բնութեան հոգ տանիլ, իրարու հոգատար ըլլալ, գիրք կարդալ եւ մեր մայրերուն օգնել ճաշ եփելու։ Ամէն օր միտքէս կ’անցընէի, թէ այս կեանքէն գեղեցիկ բան չկայ։ Արդեօք գիտէի՞, թէ մեր կեանքին ամենէն ուրախ օրերը կ’ապրէինք։ Մենք երկու երեխաներ էինք, որոնք չէին գիտեր թէ ապագան ինչ պիտի պարգեւէր իրենց, բայց մենք օրը օրին ապրելով կը կառուցէինք մեր ամենալաւ յիշատակները։
Նոյնը պիտի ըլլա՞յ, եթէ կրկին տեսնեմ քեզ։ Արդեօք պիտի կարենա՞նք դարձեալ ազատօրէն վազել դաշտերուն մէջ եւ ձեւացնել, որ նոյն երեխաներն ենք։ Հիմա ուրա՞խ ես, երբ կը յիշես մեր «հին» օրերը եւ կը մտածե՞ս, թէ որքան տարբեր էինք անցեալին։
Ես գիտեմ, որ դուն պիտի կարենաս հասնիլ քու երազիդ եւ ինծի հպարտութիւն պիտի պատճառես, քանի որ այդ փոքրիկ աղջիկը դեռ մէջդ կ’ապրի եւ պիտի յիշեցնէ քեզի, թէ կեանքը կրնայ դարձեալ գեղեցիկ ըլլալ, թէեւ շատ հեռու ենք իրարմէ։
30 Դեկտեմբեր 2021
ՔԷՅԱՆՆԱ ՊՕՂՈՍԵԱՆ,
Հայ Աւետ. Կեդրոնական Բարձրագոյն վարժարան,
11-րդ դասարան, Պէյրութ
ԱՂՈՒՈՐ ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐ
Ուրախ էին ու խաղաղ, բարի էին օրերը, երբ դուն մեր մօտ էիր։ Դուն գացիր եւ ամէն ինչ վատացաւ։ Նոյնիսկ բնութիւնն ու աշխարհը տխուր են։ Հետս կը մնան միայն մտերիմ նկարներն ու անուշ յիշատակները։
Կեանքիս առաջին օրն է, աչքերս լոյսը կը տեսնեն առաջին անգամ ըլլալով։ Քանի մը վայրկեան ետք կը տեսնեմ քու հրեշտականման դէմքդ, լայն ժպիտդ, որ իմ դէմքիս վրայ կը գծէ անմեղ ժպիտ մը եւ սիրով լեցուն ու փայլուն աչքերդ։ Քու տաքուկ ձեռքերուդ մէջ զիս սիրով կը շալկես. այս պատկերը սրտիս մէջ փորագրուած է։
Երանի կարենայի վերադառնալ այդ ապահով տեղը եւ ուրախանալ իբրեւ նորածին մը, որ չունի որեւէ մտահոգութիւն կամ դժուարութիւն։ Վերադառնալով մեր ժամանակներուն, քեզի շատ բան ունիմ ըսելիք ու պատմելիք, սիրելի՛ մօրաքոյր։ Անհամբեր կը սպասեմ քեզ, որպէսզի պատմեմ այս տարիներուն դէպքերը, իմ ապրած ուրախ ու դժուար օրերս։ Այս բոլորը պիտի պահեմ մեր յաջորդ հանդիպումին։
Ինչպէ՞ս է դրախտը։ Վստահ եմ որ հրաշալի ու շատ գեղեցիկ վայր մըն է։ Ա՜խ, եթէ հետս ըլլայիր հիմա, ամբողջ աշխարհի դժուարութիւնները ոչինչ կ’ըլլային։
Կեանքը գիրք մըն է, լեցուն էջերով ու նկարներով` ուրախ եւ տխուր։ Ոմանք ունին նուազ կարեւորութիւն, սակայն ուրիշներ փորագրուած կը մնան անձի մէջ եւ յիշողութեան մէջ կ’ապրին ընդմիշտ։
30 Դեկտեմբեր 2021
ՔՐԻՍՏԻԱՆ ՄԱՐՏՕ,
Հայ Աւետ. Կեդրոնական Բարձրագոյն վարժարան,
11-րդ դասարան, Պէյրութ
ԲԱՐԻ ՎԵՐԱՄՈՒՏ
Անցնող երկու տարիներու ընթացքին դպրոցական անսովոր եւ անբնական տարեշրջան մը բոլորեցինք, ապրեցանք նեղացուցիչ օրեր, որոնք պարտադրուեցան մեզի։ Բոլորս ունեցանք վատ պայմաններ եւ անմոռանալի յիշատակներ, որոնք ազդեցին մեր հոգեկանին։
Գրեթէ երկու տարուան պարտադիր «արձակուրդէ» եւ բաժանումէ ետք, կեանքը վերադարձաւ դպրոցներէ ներս, որոնց դռները բացուեցան գրկաբաց ընդունելու աշակերտները։ Ես միացայ դասընկերներուս. սկսանք սորվիլ եւ միասին աշխատիլ դասարանի մէջ։ Բակին մէջ կրկին լսուեցան ուրախութեան կանչեր։
Շատ ուրախ եմ, որ վերադարձանք մեր սիրելի երկրորդ տունը եւ առիթը ունեցանք մտնելու ուսումնական նոր տարեշրջանի մը հունին մէջ։
Հիմա որ վերադարձայ դպրոց, անցած երկու տարիներու համեմատ թեթեւցաւ մտահոգութիւնս, որովհետեւ Լիբանանը պատրաստ չէր առցանց դասաւանդութիւններու եւ բնական կերպով ելեկտրականութիւն հայթայթելու աշակերտութեան համար։ Աւելի՛ն. համացանցի խնդիրներու պատճաոով բազմատեսակ դժուարութիւններու կը հանդիպէինք։ Առցանց դասաւանդութիւնը կ’ազդէր աշակերտի կեդրոնացման եւ հոգեկանին վրայ։ Ես միշտ յոյսով էի, որ պիտի վերադառնայինք բնական դասաւանդութեան եւ Քրիստոսի ուժով հասնէինք ապահով ափ։
Դպրոց վերադառնալով ֆիզիքապէս միացայ ուսուցիչներուս եւ նուազեցան դժուարութիւնները, որովհետեւ ա՛լ հարց չէր ծագեր առցանց դասաւանդութեան օրերուն պէս։ Երկու տարուան բացակայութենէ ետք անկարող եմ արտայայտելու զգացումներս ուսուցիչներուս եւ ընկերներուս նկատմամբ։ Շատ զգացուած եմ, կարծես չեմ հաւատար որ մենք կրկին միացանք եւ վերադարձանք դպրոց։
Արդ, բոլորին կը մաղթեմ ապահով եւ արդիւնաւէտ տարեշրջան, եւ յոյսով եմ, որ պիտի կարենանք շրջանցել դժոարութիւնները եւ հասնիլ մեր նպատակին։
Վստահ եմ, որ յաւելեալ ճիգ թափելով պիտի հասնինք բարձր մակարդակներու, ինչպէս հասաւ հայազգի Արտեմ Փաթափութեան, նոպէլեան մրցանակի պսակին արժանանալով։
30 Դեկտեմբեր 2021
One Response
Սքանչելի գրութիւններ, ամէն մէկը իր ներաշխարով , յուշերով եւ յոյսերով․․․