16 Հոկտեմբեր 2021
ՈՒՍՈՒՑՉՈՒՀԻԻՆ ԽՕՍՔԸ ԴՊՐՈՑԱՍԷՐԷՆ ՀԵՌԱՑՈՂ ԾԻԾԵՌՆԱԿԻ ԱՇԽԱՏԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ
Շատ սիրելի աշակերտներս,
Մէկուկէս տարի առաջ, 2020-ի Մարտին, ծնունդ առաւ պատանեկան եւ երիտասարդական ԾԻԾԵՌՆԱԿ պլօկը։ Անոր նպատակն էր եւ է ձեզի նման հայ պատանիներուն հայերէնը ազատագրել ստիպողական դասի եւ նիշի պայմաններէն, առիթ ստեղծել, որ դուք զգաք անով մտածելու, երեւակայելու, սերտելու, ստեղծելու հաճոյքը։
Դուք ձեր որակաւոր աշխատակցութեամբ արդարացուցիք այդ նպատակները։ Ձեր մատղաշ խանդավառութեամբ միտքեր տուիք ինծի եւ զիս քաջալերեցիք։
Հիմա, որ աւարտած էք Դպրոցասէր վարժարանի դասընթացքը եւ արդէն կը գտնուիք տեղական դպրոցներու մէջ, ջերմ փափաքս է, որ ձեր կապը հաստատ պահէք մայրենիին հետ, ո՛չ թէ զայն պահպանելու, այլ, ինչպէս միշտ կը կրկնեմ, զարգացնելու։ ԾԻԾԵՌՆԱԿ-ը ձեր տրամադրութեան տակ է։ Այս գրքոյկ-նուէրը ձեր շնորհքին ապացոյցն է։ Ես հպարտ եմ ձեզմով։
Եւ վերջապէս, շնորհակալութեան մեծ խօսքս կ’երթայ Դպրոցասէրի տնօրէն Հայկ Սարգիսեանին, որ նեցուկ կանգնեցաւ ինծի եւ քաջալերեց ձեզ եւ զիս։
Յաջողութիւն կը մաղթեմ ձեզի։ Բարի երթ եւ շատ բարի վերադարձ։
Ձեր ուսուցչուհին՝
Նորա Պարութճեան
Գիրքը կ’ամփոփէ ԾԻԾԵՌՆԱԿի մէջ հրատարակուած այս դասարանին աշխատութիւնները։ Այստեղ՝ մի քանի նմոյշ.