Վերամուտ, նոր դպրոց եւ Դպրոցասէրցի ըլլալ
ՔԵՒԻՆ ՔԱՐԱ
Երեք ամիս առաջ յաջողութեամբ աւարտեցի Դպրոցասէրի 9-րդ դասարանը, որ աւարտական դասարան է։ Մի քանի շաբաթ առաջ վերամուտս ըրի նոր դպրոցի մը մէջ։ Վերամուտը լաւ անցաւ, առաջին անգամ տեսայ իմ նոր ուսուցիչներս․ անոնք, մինչեւ հիմա կրնամ ըսել, որ լաւ են։
Նոր դպրոցս շատ տարբեր է Դպրոցասէրէն։ Շէնքը այնքան մեծ է եւ այնքան դասարան կայ, որ վերամուտի օրը սխալմամբ Հայկին դասարանը մտած էի (ինքն ալ նոյն դպրոցն է, բայց տարբեր դասարաններու մէջ ենք․10-րդ դասարանը բաղկացած է 4 բաժինէ)։ Դպրոցին մէջ կայ մարզարան, ի տարբերութիւն Դպրոցասէրի։ Այս շաբաթներու ընթացքին ծանօթացայ նաեւ իմ նոր դասընկերներուս։ Ժամանակացոյցս Դպրոցասէրի նման չէ։ Ամէն օր առաջին դասը կը սկսի 8։25-ին եւ վերջին դասը կ՛աւարտի ամէն օր տարբեր ժամերու։ Ամէն օր նոյն ժամուն հաց չենք ուտեր, ընդմիջումը նոյն ժամուն չէ, կա՛մ 12։20-էն մինչեւ 13։20, կամ ալ՝ 13։20-էն մինչեւ14։20։
Դպրոցասէրցի ըլլալը ինծի համար շատ կարեւոր է։ Դպրոցասէրը մեզի կը սորվեցնէր եւ կը փոխանցէր հայկական մշակոյթը, հայերէնի եւ հայոց պատմութեան դասերը մեզի կ’օգնէին զարգացնելու հայերէն գրելու, կարդալու, խօսելու եւ հասկնալու կարողութիւնը, հայոց պատմութեան դասերը մեզի կ’օգնէին սորվելու մեր պատմութիւնն ու անցեալը, որպէսզի հասկնանք ներկան եւ ինչու չէ՝ նաեւ ապագան։
Կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Դպրոցասէրի ամբողջ անձնակազմին, տնօրէնութեան եւ բոլոր ուսուցիչներուն, որոնք 5-րդ դասարանէն մինչեւ 9-րդ դասարան մեզի փոխանցեցին իրենց գիտութիւնը եւ օգնեցին, որ ունենանք լաւ ապագայ եւ կարողանանք լաւ պայմաններով շարունակել մեր ուսումը։
Կ’ուզեմ նաեւ ըսել, որ դպրոց փոխելը չի նշանակեր, որ ա՛լ դպրոցասէրցի պիտի չըլլանք։ Մենք այլեւս Դպրոցասէր չենք գար որպէս աշակերտ, բայց Դպրոցասէրը միշտ մեր մտքին ու սրտին մէջն է, քանի որ Դպրոցասէրը մաս կը կազմէ մեր ուսումին եւ մեր կեանքին։ Նոր դպրոցիս մէջ ալ երբեմն-երբեմն կը մտածեմ Դպրոցասէրի մասին։
29 Սեպտեմբեր 2021